Խաւարման Գիշերուան Արարողութիւն Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

Աւագ Հինգշաբթիի երեկոյեան, 29 Մարտ 2018-ին, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Խաւարման Գիշերի արարողութիւնը, որ կը յիշատակէ Քրիստոսի մատնութիւնը, ձերբակալումը, դատավարութիւնը, չարչարանքներն ու խաչելութիւնը։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ արարողութեան ու հաւատացեալներուն ուղղեց Քրիստոսի գերագոյն զոհաբերումը լուսարձակի տակ առնող պատգամ մը։ Ան յատկապէս յիշատակեց Քրիստոսի վերջին եօթը խօսքերը եւ խաչին վրայ տառապալից մահը, յիշեցնելով, որ Աստուածորդին սիրոյ ու ներողամտութեան գերագոյն օրինակը տուաւ իր զոհաբերութեամբ։ Ան Աստուծոյ կամքին հնազանդելով աշխարհ եկաւ, հնազանդութեամբ ծառայեց մարդուն, որուն հանդէպ Արարիչին սիրոյ գործնական արտայայտութիւնը եղաւ մեր մեղքերու քաւութեան համար չարչարանքներ յանձն առնելն ու խաչին վրայ կեանքը զոհաբերելը։ Ան Աստուծմէ ներողամտութիւն հայցեց մինչեւ անգամ զինք հալածողներուն ու չարչարողներուն համար, ըսելով, որ անոնք չէին գիտեր թէ ինչ կ’ընէին, մինչեւ իսկ խաչեալ աւազակներէն մէկը փրկութեան արժանացուց։ Երկնաւոր Հօր ուղղուած իր վերջին բառերով, ան Իր հոգին Անոր ձեռքերուն յանձնեց, ինչ որ պատգամ է, որ մենք եւս վստահինք Աստուծոյ ու յանձնուինք Իրեն։ Ան մաղթեց որ Խաչն ու Խաչեալը Իր ներգործութիւնը ունենայ մեր կեանքին վրայ եւ Խաչին վրայ Իր թեւերը տարածած Քրիստոս մեր հոգիի աչքերով տեսնենք իբրեւ Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն, Կեանք եւ Լոյս, եւ այդ Լոյսը թափանցէ մեր հոգիներէն ներս։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022