Լիբանանի Նոր Գլխաւոր Հիւպատոսին Հետ Ծանօթացման Հանդիպում

Կիրակի, 18 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Լիբանեւամերիկեան գործակցութեան խորհրդատու մարմինը Պեւըրլի Հիլզի մէջ կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի նոր նշանակեալ գլխաւոր հիւպատոս Տիկին Միռնա Խաուլիի, առիթ ընծայելու, որ ան ծանօթանայ շրջանիս ներկայացուցչական դէմքերուն։

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին ու ժողովականութեան ողջոյնը, բարի երթ մաղթելով անոր՝ իր առաքելութեան մէջ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022