Չորեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2016ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Առաջնորդներու Խորհուրդը, յանձինս Հայ Առաքելական, Ղըպտի Ուղղափառ եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու, իր հերթական ժողովը գումարեց Ս. Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ՝ Պըրպէնք, քննարկելու համար յառաջիկայ տարուան ծրագիրներն ու միացեալ աշխատանքներու ոլորտները։
Ժողովը կը գլխաւորուէր Առաջնորդ Սրբազան Հայրեր՝ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սրաբիոն Եպս.-ի (Ղըպտի Ուղղափառ), Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք Մարտիրոսեանի, Գերշ. Տ. Եուճին Արք. Քափլանի (Ասորի Ուղղափառ), եւ հիւրընկալ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ։ Մասնակից էին նաեւ հոգեւորականներ՝ Հայ Առաքելական, Ղըպտի Ուղղափառ եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցիներէն։
Ժողովի քննարկման հիմնական կիզակէտն էր քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց վիճակն ու դիմագրաւած խնդիրները Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը իրենց ամբողջական զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնեցին Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ բազմաչարչար համայնքներուն, ապա, միացեալ Ս. Պատարագի եւ այլ ձեռնարկներու նախնական ծրագիրները մշակեցին։
Աւարտին, ներկաները խմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ եւ ունեցան մտերմիկ ճաշի պահ։