Կիրակի, 23 Յունիս 2019-ին, Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Կեդրոնը վերանուանուեցաւ «Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան Հայ Կեդրոն»։ Ազգային բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը մեծ գումար նուիրաբերած էին սոյն կեդրոնին։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց բացման արարողութեան, ընկերակցութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի։ Արարողութեան ներկայ էին Տիկին Անժէլ Մելքոնեան, բարերար ամոլը, զաւակներն ու ընտանիքի անդամները, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Կեդրոնական Կոմիտէի եւ «Արշաւիր Շիրակեան» Կոմիտէի ներկայացուցիչներ, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիան եւ համայնքային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։
Արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ։ Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին խօսք առին Հ.Յ.Դ. «Արշաւիր Շիրակեան» եւ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ, Մելքոնեան ընտանիքի անդամներ, բարերարը եւ Առաջնորդ Սրբազանը, որոնք իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին այս իրագործումին համար։