Յուշ Երեկոյ՝ Ի Յարգանս Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի


Նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան մեր Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող «Նոր Ջուղայի Բարեկամներ» յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2015ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան վախճանեալ անդամներէն՝ հոգելոյս Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի յիշատակին նուիրուած մշակութային ձեռնարկ մը:

Յուշ երեկոն կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան: Ներկայ էր նաեւ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան:

Պաշտօնական յայտագիրէն առաջ, ներկաները հանգուցեալ Սրբազանի կեանքին ու վաստակին ծանօթացան սահիկներու ցուցադրութեան ճամբով: Հանդիսավարն էր Տիկին Ժագլին Ղարախանեան: Գլխաւոր բանախօսն էր Տիար Սարօ Նազարեան, որ բացառիկ կերպով ներկայացուց բազմավաստակ հոգեւորականին դերն ու ժառանգութիւնը, որոնք արտայայտութիւն գտան Նոր Ջուղայի թէ այլ Թեմերու մէջ իբրեւ Առաջնորդի առաքելութեամբ, մտաւորական աշխատանքներով եւ Ս. Աթոռոյս ծառայութեան տարբեր մարզերուն մէջ գործերով:

Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին, երգերով ու ասմունքով:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ երանաշնորհ Սրբազանին կեանքի վաստակին, սկսելով Անթիլիասի Դպրեվանքին տակ անոր ուսումնառութենէն մինչեւ Թեմակալ Առաջնորդի պատասխանատու պաշտօնները: Առաջնորդ Սրբազանը հոգելոյս Սրբազանին արժանիքները ներկայացուց չորս հիմնական գիծերով, նշելով, որ ան եղաւ Աստուծոյ ու ազգի հաւատարիմ ու անձնուէր ծառան, հաւատարմօրէն պահպանեց մեր եկեղեցւոյ աւանդները եւ իբրեւ այդպիսին, եղաւ Կիլիկեան Ս. Աթոռի հնազանդ բայց խիզախ եւ նախանձախնդիր մէկ զինուորը: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ վեր առաւ վախճանեալ Սրբազանին դաստիարակի ու մտաւորականի վաստակը, որոնք եղան արտացոլացումը գլխագիր հայու եւ հայրենասէրի անոր նկարագիրին, ու վերջապէս, ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին մնաց համեստ, մարդկային ու ընկերային հոգեւորական մը, որ շահեցաւ ժողովուրդին ու գործակիցներուն յարգանքն ու համակրանքը:

Հանդիսութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022