Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով Հոգեհանգիստ, Յուշակոթողի Բացում եւ Ծառատնկում՝ »Արարատ Տան« Մէջ


Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման ծիրին մէջ, եւ հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, իւրայատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 12 Մարտ 2015ի առաւօտուն, “Արարատ Տան” Միշըն Հիլզի համալիրին մէջ, այսպէսով՝ տարեց սերունդի ներկայացուցիչները մասնակից դարձնելով մեր նահատակներուն մատուցուած յարգանքին եւ պահանջատիրութեան վերահաստատման:

Հաստատութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Արեւմտեան Թեմի երկու Առաջնորդները՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքէն Հոգշ. Տ. Արմենակ Վրդ. Պետրոսեան եւ Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միութեան կողմէ Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան, գլխաւորելով երեք յարանուանութեան հոգեւորականաց դասու անդամներ, “Արարատ Տուն” ժամանեցին առաւօտուն: Մատրան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն. ներկայ էին հաստատութեան պատասխանատուները, պատսպարեալներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Արարողութեան աւարտին, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ նահատակներուն յիշատակը, ապա, յատուկ աղօթք տեղի ունեցաւ մատրան մէջ տեղադրուած՝ նահատակաց աճիւններուն մօտ:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազաններն ու հոգեւորականաց դասն ու հաւատացեալները թափօրով դուրս եկան մատուռէն եւ համախմբուեցան նոր կանգնած յուշակոթողին շուրջ: Հաստատութեան պատասխանատուներն ու Նալպանտեան նուիրատու ամոլը քողազերծեցին յուշակոթողը, որուն օրհնութիւնը կատարեցին Հոգեւոր Հայրերը: Յաջորդող պատկերը սրտառուչ էր. տարեցներ ծառատնկում կատարեցին համալիրի պարտէզին մէջ, իբրեւ խորհրդանիշ՝ աւանդի փոխանցման եւ մեր ժողովուրդի վերածաղկումին:

Յուշահանդէսի աւարտին, հոգեւորականներն ու ներկաները վայելեցին հաստատութեան կողմէ պատրաստուած պատշաճ հիւրասիրութիւն մը, որու տեւողութեան, քնարով ու սրինգով երաժշտութիւն մատուցեցին Սալբի եւ Սօսի Քերքոնեան:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022