Կիրակի, 29 Մարտ 2015ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ “Արմենակ Տէր Պետրոսեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յարգանքի եւ ոգեկոչումի հանդիսութիւն մը, նուիրուած՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի նախկին անդամներէն, բազմավաստակ ազգային գործիչ եւ մտաւորական Սարգիս Զէյթլեանի, անոր առեւանգման 30ամեակին առիթով:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, քահանայ հայրերու ընկերակցութեամբ, ներկայ եղաւ երեկոյին, որ կազմակերպուած էր Հ.Յ.Դ. Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ. իբրեւ բանախօս հրաւիրուած էր “Դրօշակ”ի նախկին խմբագիր եւ Ս. Զէյթլեանի բազմաթիւ տարիներու գործակից Տիար Նազարէթ Պէրպէրեան:
Յայտագիրի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց սրտի խօսք: Ան նշեց, որ այս երեկոն նուիրուած է գաղափարի մարտիկ, Հայ Դատի զինուորագրեալ եւ մեր ժողովուրդին տասնամեակներու ծառայութիւն մատուցած հայորդիի մը, ոգեկոչելու համար անոր ծառայական կեանքը: “Այս երեկոյ, մեր համախմբումին ճամբով, Սարգիս Զէյթլեանի հոգին եւ էութիւնը հրաւիրեցինք այս սրահը, եւ եթէ ան թափանցեց մեր հոգիներէն ներս, ուրեմն ան ներկայ է մեզի հետ”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը:
Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ կտակ եւ աւանդ հասկացութիւններուն վրայ, նշելով, որ անոնք միայն անցեալին պատկանող ու անցեալէն փոխանցուող բաներ չեն, այլ իբրեւ արժէք եւ հարստութիւն՝ մեր կեանքը հունաւորող պատգամ են: Ան յիշեցուց, որ իր խօսքերով ու գործով, Ս. Զէյթլեան ցոյց տուած է, որ հայրենի հողը “անփոխարինելի պատուանդան” է մեզի համար, “կենաց աղբիւր՝ մեր հաւաքականութեան”, իսկ անոր հայրենասիրութիւնը պատուանդան է իր գաղափարախօսութեան: Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Ս. Զէյթլեանի արժանիքներուն վրայ, շեշտը դնելով Հայաստանի նկատմամբ անոր հաւատքին, Հայ ազգի յաւիտենութեան մասին յոյսին եւ Հ.Յ.Դ. գաղափարին հանդէպ սիրոյն վրայ, ու “եթէ մենք կրցանք այս յատկութիւնները հրաւիրել մեր էութեան մէջ, յարգած կ’ըլլանք զինք ու յիշատակը”: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ խիզախ ու ճշմարտախօս մարդու անոր նկարագրային գիծերուն եւ օրհնեց մեծարեալին Տիկինը՝ Սօնա Զէյթլեանն ու ընտանիքի անդամները, որոնք ներկայ էին երեկոյին:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին յիշատակի աղօթքով: