Մոնթեպելլոյի Ազգ.
buy isotretinoin generic https://noprescriptionrxbuyonline.com/isotretinoin.html over the counter
Մեսրոպեան վարժարանը Շաբաթ, 20 Փետրուարի երեկոյեան, «Բաղրամեան» սրահին մէջ տօնեց հիմնադրութեան ոսկեայ յոբելեանը, հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ վարժարանի մեծ ընտանիքի անդամներու:
Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը, ապա ներկայացուց եւ ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ 50ամեակի այս հանդիսութեան առիթով վարժարանին շնորհուած Օրհնութեան Գիրը: Ողջունելէ ետք վարժարանին ընտանիքը, Վեհափառ Հայրապետը նշած է. «Հայ վարժարաններու յոբելենական հանդիսութիւնները իւրայատուկ ցնծութեամբ կը լեցնեն Մեր հոգին: Արդարեւ, անոնք կը վկայեն կրթական-դաստիարակչական աշխատանքի մը մասին, որ իր էութեամբ ու նպատակով մարդակերտումի ու հայակերտումի երախտարժան առաքելութիւն է տուեալ գաղութի կեանքէն ներս: Մոնթեպելլոյի մէջ, Ազգ. Մեսրոպեան Երկրդ. վարժարանը հինգ տասնամեակներէ ի վեր անխոնջ աշխատանքով եւ յանձնառու նախանձախնդրութեամբ կը կատարէ մեսրոպաշունչ իր առաքելութիւնը, որպէս ամրակուռ ամրոց՝ Ամերիկայի բազմատեսակ հոսանքներուն դիմաց»: Վեհափառ Հայրապետը միաժամանակ գոհունակութիւն կը յայտնէ, որ այս վարժարանին մէջ սնունդ առած սերունդներ գործօն ներկայութիւն են գաղութէի կեանքին մէջ:
Առաջնորդ Սրբազանը այս ուրախ առիթով ողջունեց ու գնահատանքի խօսք ուղղեց վարժարանի տնօրէնին՝ Տիար Տէյվիտ Ղուկասեանին, Ուսումնական Մարմինին, անձնակազմին, դաստիարակներուն, ծնողներուն, աշակերտներուն, շրջանաւարտներուն եւ բարերարներուն ու հովանաւորներուն, բոլորին մաղթելով բարեյաջող նոր տասնամեակներ: Ան յատուկ կարեւորութեամբ կանգ առաւ այս վարժարանի հիմնադիր սերունդի յիշատակին առջեւ, անոնց՝ որոնք հիմնեցին այս վարժարանը, իսկ անոնց զաւակներն ու ժառանգորդները կը շարունակեն կանգուն պահել անոր հայաշունչ յարկը, արդարացնելով հիմնադիր սերունդի տեսլականը: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ ոչ միայն վարժարանի ուսումնական բարձր մակարդակին մասին, այլ նաեւ՝ այն սերտ կապերուն, որոնք զարգացած են ու պահպանուած՝ վարժարանին, Ս. Խաչ Մայր Տաճարին եւ ընդհանրապէս Մոնթեպելլոյի հայ համայնքին միջեւ, իբրեւ երաշխիք՝ արձանագրուած յաջողութիւններուն: Ան կոչ ուղղեց ծնողներուն եւ համայնքի զաւակներուն, որ շարունակեն ամուր կերպով կանգնիլ վարժարանին կողքին, որպէսզի իրերայաջորդ հայ սերունդներ հոգիի եւ միտքի սնունդ առնեն անկէ:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց այն անհատներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք յանձնառու կերպով նպաստած են վարժարանի ծաղկումին եւ իրենց կարողութիւններն ու միջոցները դրած են ի սպաս այս ուսումնարանին. ան մասնաւորաբար գնահատեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի ընտանիքը, վարժարանին ծառայողները, շրջանի Հ.Յ.Դ. «Դրօ» կոմիտէն եւ քոյր կազմակերպութիւնները, վեր առաւ վարժարանին վերջին քանի մը տարիներուն ապրած վերակենսաւորումը, «որ արդիւնք է շրջանի հայկական բոլոր միաւորներուն, ժողովուրդին ճիգերուն եւ ձեր բոլորին, որ բոլորուած էք վարժարանին շուրջ ու կը նուիրաբերէք անոր համար», շեշտեց ան:
Եզրափակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց անցեալի ու ներկայի բոլոր նուիրեալներուն՝ տնօրէններուն, վարժարանի մարմինի անդամներուն, անձնակազմին, աշակերտներուն, ծնողներուն եւ շրջանաւարտներուն նուիրումն ու ծառայութիւնները, աղօթքելով, որ Աստուած հովանի ըլլայ շարունակուող աշխատանքին եւ այս վարժարանը յառաջիկայ տարիներուն ապրի նոր ծաղկում: