Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Շրջանաւարտները Ներկայ Եղան Ս. Խաչ Մայր Տարարի Ս. Պատարագին եւ Ս. Հաղորդութիւն Ստացան


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 5 Յունիս 2016ին հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին, որուն ներկայ եղան Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտները եւ Ս.
buy elavil online https://salempregnancy.org/wp-content/languages/new/elavil.html no prescription

Հաղորդութիւն ստացան իրենց շրջանաւարտ ըլլալուն առիթով: Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտները՝ իրենց ուսուցիչներուն հետ:

Ս. Պատարագը մատուցանեց Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Անդրանիկ Գասպարեան, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ, վարժարանին տնօրէնը՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեան, որ ծառայեց Ս. Խորանին եւ կարդաց հաւաքական խոստովանանքի բաժինը: Ներկայ էին նաեւ ուսուցիչներ եւ ծնողներ:

Քարոզէն առաջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան ողջոյնի խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ քառամեակի մը համար վերընտրութեան առիթով, շնորհաւորեց նաեւ նոյն ժողովին ընտրուած Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան կազմերը, ապա ողջունեց աշակերտներուն ներկայութիւնը Ս. Պատարագին, յիշեցուց, որ տարիներու աւանդութիւն է շրջանաւարտներուն Ս. Պատարագի ներկայութիւնը եւ Ս. Հաղորդութիւն ստանալը, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը ուղղելու իր պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազանը նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ 6րդ շրջանի մը համար առաջնորդական պաշտօնը իրեն կը վստահուի, շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթենց նորընտիր կազմերուն: Ապա, ան ողջունեց բոլոր ներկաները, մասնաւորաբար շրջանաւարտները, շնորհաւորեց զանոնք եւ յաջողութիւն մաղթեց, գոհունակութիւն յայտնելով, անոնք վերջին անգամ ըլլալով Ս. Հաղորդութիւն պիտի ստանան իբրեւ մեսրոպեանականներ, իսկ յառաջիկայ Կիրակի, վկայականի արժանանալէ ետք, պիտի թեւակոխեն կեանքի նոր փուլ մը: Ապա՝ ուղղեց իր պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ շրջանաւարտները բախտաւոր են, որովհետեւ աշակերտած են հայկական վարժարանի, ուր հաղորդակից դարձած են մեր հայրենիքին, ժառանգութեանց, կրօնական ու ազգային աւանդներուն: Ան մաղթեց, որ այս բոլորը լաւապէս արմատաւորուած ըլլան անոնց հոգիներուն մէջ, ու հպարտանքի աղբիւր դառնան յառաջիկայ տարիներուն: «Շատ աւելի դիւրին է հայ զգալ հայկական միջավայրի մէջ, սակայն հայկականութեան պահպանումը աւելի լուրջ մարտահրաւէր պիտի ըլլայ, երբ գտնուիք օտար շրջանակի մէջ. կ’աղօթեմ, որ ձեր սեփական յարկերուն թէ այս վարժարանի մէջ ձեր ստացած հոգեկան սնունդը ձեր հոգիներուն մէջ մնայ ընդմիշտ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, հաւաստելով, որ եկեղեցին ու դպրոցը միշտ աշակերտներուն կողքին պիտի ըլլան նաեւ հետագային, երբ անոնք կարիքը զգան, «սակայն ամէնէն կարեւորը՝ լաւ թէ դժուարին վիճակներու մէջ, դիմեցէք Աստուծոյ, շնորհակալ եղէք Անոր շնորհքներուն համար, Իրեն վստահեցէք ներքին խաղաղութիւն, առաջնորդութիւն եւ իմաստութիւն ունենալու համար», յորդորեց Առաջնորդ Սրբազանը, մաղթելով, որ անոնք յաջողութիւն գտնեն կեանքի ասպարէզներու մէջ ու դառնան մեր հաւաքական կեանքին մէջ ներդրում բերող անդամներ: Ան յանձնարարեց, որ պէտք չէ մոռնալ, թէ բոլորը անդամ են նոյն մեծ ընտանիքին, մասնակից պիտի ըլլան հաւաքականութեան յառաջընթացին, մեր հաւատքը, աւանդներն ու ժառանգութիւնները մեզ իրարու կապող գործօններ են, անոնց հաւատարմութիւնը պէտք չէ ընկալել իբրեւ հարկադրանք, այլ պէտք է զանոնք յանձն առնենք հոգիով եւ սրտով, ինչպէս կը թելադրէ օրուան Աւետարանի ընթերցումը (Մատթ. 12:1-8):

Խօսելով օրուան Աւետարանի հատուածին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ փարիսեցիները անտեղի կերպով մեղադրած էին Յիսուսի աշակերտները, որոնք Շաբաթ օրը ցորեն քաղած ու կերած էին, առարկելով, որ անոնք օրէնքի խախտում կատարած էին: Յիսուս բացատրեց, որ փարիսեցիներուն առարկութիւնը օրէնքի տառին վրայ հիմնուած էր, եւ հետեւանք էր անոնց չարամտութեան: Այս դիտաւորութիւնը աւելի յստակ կ’ըլլայ նոյն հատուածին մէջ, երբ կը կարդանք, որ անոնք գացին ու Յիսուսի դէմ դաւ սարքեցին: «Օրէնքն ու անոր ճշդած ուղղութիւնները կարեւոր են մարդկային ընկերութեան մը համար, սակայն օրէնքի տառէն աւելի՝ կարեւոր է հետեւիլ անոր ոգիին: Փարիսեցիները օրէնքը կը դիտէին իբրեւ պարտադրանք մը, առանց թափանցելու անոր խորքին, անոնք աւելի շատ տարուած էին արտաքին ու արարողական երեւոյթներով, մինչդեռ Յիսուս կը թելադրէ հոգածու ըլլալ ներքինին՝ սրտին»: Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ հայութեան հաւատքն ու ազգային աւանդները կազմաւորուած են դարերու ընթացքին ու հայը կը զատորոշեն ուրիշներէ. մեր նախնիները խորապէս ըմբռնած էին մեր իւրայատկութեան կարեւորութիւնը, որովհետեւ անոնք են որ կ’երաշխաւորեն մեր գոյութիւնն ու գոյատեւումը: Մեր ժողովուրդը այս ճամբուն հետեւեցաւ հոգիով ու սրտով, մասնաւորաբար Սփիւռքի մէջ, ուր ենթակայ ենք օտարացնող ու այլասերող ազդեցութիւններու. հետեւաբար, պէտք է մեր աւանդներուն ու ժառանգութիւններուն կառչինք ո՛չ թէ իբրեւ պարտականութիւն կամ հարկադրանք, այլ զանոնք պահենք մեր սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ, ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ նաեւ Կիրակնօրեայ դպրոցի առաքելութեան մասին, վեր առնելով հայ մանուկին ու պատանիին մէջ քրիստոնէական ու մարդկային արժէքներու սերմնաւորման կարեւորութիւնը եւ այդ գծով Կիրակնօրեային դերակատարութիւնը:

Պատգամի աւարտին, «Ուրախ Լեր» շարականին երգեցողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէնին յանձնեց ուսումնական այս հաստատութեան 50ամեակին առիթով Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին շնորհած սրբատառ կոնդակը:

Ս. Պատարագի աւարտին, աշակերտները Առաջնորդ Սրբազանին հետ ունեցան խմբանկար մը: Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը կազմակերպած էր ճաշի հիւրասիրութիւն մը, ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Արտասանուեցան Առաջնորդ Սրբազանին ուղղուած շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութեան խօսքեր: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութեանց համար, յաջողութեան մաղթանքներ ուղղեց եւ գնահատեց հոգաբարձութեան ու ծառայողներուն նուիրումը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022