Լոս Անճեըսի մէջ Հայաստանի եւ Մեքսիքայի գլխաւոր հիւպատոսութեանց նախաձեռնութեամբ ու գործակցութեամբ, Փետրուար 2էն 9 Շաբաթը հռչակուած է հայ-մեքսիքական մշակոյթի շաբաթ։ Այս առիթով, երկու ժողովուրդներու մշակոյթն ու աւանդութիւնները ծանօթացնող շարք մը միացեալ ձեռնարկներ կազմակերպուած են ու պիտի մարմնաւորուին վարժարաններու մէջ համախմբումներով, արուեստի ցուցահանդէսներով, ժապաւէններու ցուցադրութեամբ եւ այլ ձեռնարկներով։
Մշակոյթի շաբթուան բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 2 Փետրուարին, Վէն Նայսի քաղաքապետարանի սրահին մէջ։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ.
buy azithromycin online blackmenheal.org/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/azithromycin.html no prescription
Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան ներկայ եղաւ արարողութեան։ Այս առիթով, Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան անունով գնահատական հռչակագիր մը ներկայացուցին խորհուրդի անդամներ Փօլ Գրիգորեան եւ Մոնիքա Ռոտրիկէզ։
Արարողութեան ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան, Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանի անձնակազմի ներկայացուցիչներ եւ հայ համայնքի զաւակներ։