Առաջնորդ Սրբազանը Նախագահեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Արեւագալի Արարողութեան եւ Միջինքի Ճաշկերոյթին

Չորեքշաբթի, 7 Մարտ 2018-ին, Մեծ Պահոց Միջինքի օրը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Արեւագալի արարողութեան, ապա նաեւ նախագահեց եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ կազմակերպուած Միջինքի ճաշկերոյթին:

Առաջնորդ Սրբազանին աղօթակից էին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչը՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան եւ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պապօշեան։ Ներկայ էին Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ, Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Տնօրէն Տիար Դաւիթ Ղուկասեան ու երկրորդականի աշակերտներ, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ եւ հաւատացեալներ:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին ողջունեց ներկայ աշակերտները, հաւատացեալներն ու Ս. Խաչ Մայր Տաճարի ընտանիքի անդամները։ Ան հրաւիրեց ներկաները խորհրդածելու Մեծ Պահքի պատգամներուն մասին, նշելով, որ Միջինքը Մեծ Պահոց 24րդ օրն ըլլալով՝ հոգեւոր ճանապարհորդութեան կէսը նշող հանգրուանն է եւ առիթ՝ վերանայելու մեր անցած ուղիին, տեսնելու համար, թէ կրցա՞ծ ենք հաւատարիմ մնալ մեր խոստումներուն եւ հոգեւոր առաքելութեան մէջ։ «Մեծ Պահքը միայն ուտելիքէ զրկուելու ժամանակամիջոց չէ, այլ ուտելիքի կողքին միտքն ու հոգին վերանորոգելու եւ մաքրելու առիթ է», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ Պօղոս Առաքեալի Կողոսացիներուն գրած նամակէն ու Մատթէոսի Աւետարանէն մէջբերումներ կատարելով յորդորեց՝ «միշտ աղօթել եւ հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ, կարգաւորել ֆիզիքական ու հոգեկան հաւասարակշռութիւնը պահքով ու ծոմապահութեամբ եւ ըլլալ գթասիրտ, ողորմած, քաղցրաբարոյ, խոնարհ եւ համբերատար, որպէսզի հին մարդը մեր մէջ նորոգուի եւ նոր մարդը պայծառանայ»։

Առաջնորդ Սրբազանը բացատրութիւններ տուաւ մեր Եկեղեցւոյ խոստովանանքին մասին եւ շեշտեց, որ Մեծ Պահքը ինքնասրբագրութեան, ինքնաքննութեան եւ վերանորոգութեան ոսկեայ առիթ է, եւ իր պատգամը եզրափակեց մաղթելով, որ Մեծ Պահոց երկրորդ կիսուն կարենանք ապրիլ ուխտի վերանորոգման ոգիով, արդար հոգիով, մաքուր սրտով եւ հաւատքով դիմաւորել Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը:

ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը կազմակերպած էր Պահքի ճաշերով ընդունելութիւն մը: Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիկնանց Միութեան ատենապետուհին՝ Տիկին Ամալիա Նռանեան։ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները պատրաստած էին տոհմիկ գեղարուեստական յայտագիր մը. անոնք ազգագրական եւ Միջինքին նուիրուած երգերով, պարերով ու ասմունքներով ճոխացուցին մթնոլորտը:

Փակման իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Տիկնանց Միութիւնը ու աշակերտները, ապա անգամ մը եւս անդրադարձաւ Միջինքի ու Մեծ Պահքի խորհուրդներուն եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ շաբաթները ըլլան Ս. Յարութեան տօնին հոգեպէս պատրաստութեան շրջան մը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022