ՄԻՋԻՆՔԸ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ


Չորեքշաբթի, 26 Մարտի առաւօտեան, Մեծ Պահոց Միջինքի օրը, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց արեւագալի արարողութեան: Ներկայ հաւատացեալները երկիւղածութեամբ հետեւեցան ժամերգութեան, եւ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ.
buy grifulvin online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/grifulvin.html no prescription

Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի եւ սարկաւագներուն հետ մասնակցեցան երգեցողութեան: Առաջնորդ Սրբազանը իր հոգեւոր պատգամին բնաբանը ընտրած էր “Տէր, խաղաղութեան ճամբաներուն մէջ պահը մեր քայլերը: Տէ՛ր, ուղղէ եւ առաջնորդէ մեզ եւ բոլոր քեզի հաւատացողները, որպէսզի դէպի խաղաղութիւն եւ յաւիտենական կեանք երթանք “:

AREVAKAL-MARCH-26,-2014-017Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկայ հաւատացեալները եւ նշեց որ Միջինքը Մեծ Պահոց 24րդ օրն ըլլալով հոգեւոր ճանապարհորդութեան կէսն է: Ապա, ներկայ հաւատացեալներուն յիշեցուց, որ Մեծ Պահոց կէսը, Միջինքի օրը, մեզի հրաւէր կու տայ անդրադարձ ունենալու, թէ ինչ խոստումով մեր ինքնաճանաչման,  ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրութեան ուխտին սկիզբ դրինք եւ ուր կը գտնուինք այսօր: Ան մաղթեց, որ Տէրը մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքը խաղաղութեան ճամբաներով առաջնորդէ, յատկապէս մեր հոգեւոր կեանքի մէջ արդարութեան ճանապարհէն քալելով յաւիտենական կեանքին հասնինք, եւ այս ամէնուն կրնանք հասնիլ եթէ Աստուծոյ պատուիրաններուն հաւատարմութեամբ հետեւինք, զինք սիրելով ամբողջ հոգիով, ամբողջ սրտով, ամբողջ միտքով եւ հաւասարապէս մեր նմաններուն հանդէպ բարի կամեցողութեամբ լեցուելով: Ապա Սրբազանը մաղթեց որ Մեծ Պահոց երկրորդ կէսը ուխտի վերանորոգման ոգիով կարենանք ապրիլ, որպէսզի արդար հոգիով, մաքուր սրտով եւ տոկուն հաւատքով կարենանք դիմաւորել Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը:

Իր քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ժողովուրդը որ “Տէր Ողորմեա”ի պահուն աղօթք բարձրացնեն Սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար եւ մասնաւորաբար Քեսապի մեր հայրենակիցներուն համար, որոնք շաբաթէ մը ի վեր ենթարկուեցան Թրքական սահմանէն ներխուժած ապստամբ զինեալներու կողմէ պատճառած անակնկալ տագնապի եւ տեղահանութեան:

Արեւագալի արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ գտնուեցաւ Փասատինայի Հայ կեդրոնէն ներս Հ.Օ.Մ.ի Փասատինայի “Սօսէ” մասնաճիւղի կազմակերպած Միջինքի ճաշին:

Սեղաններու օրհնութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը այնտեղ եւս ներկաներուն փոխանցեց Միջինքի յատուկ պատգամը, գնահատելով Հայ Օգնութեան Միութեան նուիրական ծառայութիւնը հայ կեանքէն ներս:

Նաեւ կոչ ուղղեց ներկաներուն իրենց զօրակցութիւնը արտայայտելու Սուրիահայ մեր գաղութին եւ յատկապէս վերջին օրերուն անակնկալ տագնապի մատնուած Քեսապի մեր հայրենակիցներուն:

Ուրբաթ, 28 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7ին, Առաջնորդ Սրբազանը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի նախագահէ Հսկումի արարողութեան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022