Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Երկուշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2022-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեց Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Տիար Դաւիթ Բաբայեան, ընկերակցութեամբ Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի փոխ ատենապետ Րաֆֆի Քասապեանի, անդամներ՝ Անահիտ Օշականի եւ Հերմինէ Փախանեանցի:

Նկատի ունենալով, որ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, երկրէն դուրս կը գտնուէր, իր անունով հիւրերուն բարի գալուստ մաղթեց Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ ատենադպիր Տիար Ճորճ Չորպաճեան անդրադարձան Արեւմտեան Թեմի կողմէ ցարդ արցախահայութեան ուղղուած բազմամակարդակ զօրակցութեան եւ պատրաստակամութեան՝ զանազան ձեւերով Արցախի ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու առումով:

Հայրենի հիւրին հետ ծաւալած զրոյցին, նախարար Բաբայեան բարձր գնահատեց Արեւմտեան Թեմի կողմէ արցախահայութեան կատարուած օժանդակութիւնները, ապա մանրամասնութիւններ փոխանցեց հայրենի եզերքի ներկայ իրավիճակի մասին եւ սպառիչ պատասխաններ տուաւ իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022