Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ· Տ· Թորգոմ Ս· Եպս· Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն՝ ազգային բարերար Վահան Շամլեանի մահը, որ պատահեցաւ 11 Օգոստոս 2022-ի երեկոյեան, Ֆրեզնոյի մէջ։
Հանգուցեալը իր կեանքի ընթացքին ծաւալած է յոյժ գովելի բարեգործութիւններ՝ յատկապէս Հայաստանի, Արցախի, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Արեւմտեան Թեմի զանազան դաշտերէ եւ համայնքներէ ներս, մինչ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանը կը մնայ հանգուցեալին բարերար յիշատակը անմահացնող եզակի կոթող:
Վահան Շամլեան 1983-ին արժանացած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիլիկեան Իշխան շքանշանին, ձեռամբ Ն·Ս·Օ·Տ·Տ· Գարեգին Բ· Կաթողիկոսի եւ միշտ վայելած է յարգանքն ու գնահատանքը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի:
Այս տխուր առիթով, Ազգ· Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը ցաւակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալի տիկնոջ՝ Անոյշ Շամլեանին, դուստրերուն՝ Քէթիին, Մոնիքին եւ անոնց ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր թոռներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն։
Պիտի կատարուի Ազգային թաղում։
Մանրամասնութիւնները կը ծանուցուին մամուլով։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ