Տէր Եւ Տիկին Սարգիս Եւ Նունէ Սեփեթճեան Յիսուն Հազար ($50,000) Տոլար Կը Նուիրեն Ազգային Առաջնորդարանին

Երեքշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2020ին Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը ստացաւ յիսուն հազար տոլարի ($50,000) յատուկ վճարագիր մը (չէք)՝ մեր Թեմի բարերարներէն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր զաւակներէն դպրեվանեցի Սարգիս Սեփեթճեանի եւ իր ազնուափայլ Տիկնոջ՝ Նունէի կողմէ: Անոնք նախապէս հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էին նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ եւ շնորհաւորած իր Առաջնորդական ընտրութիւնը եւ այս առիթով իրենց զօրակցութիւնը յայտնած էին Ազգային Առաջնորդարանի բոլոր գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սրբազան Հօր բոլոր ծրագիրներուն:

Նոր Տարուան առիթով մեծարգոյ Սեփեթճեան զոյգին այս նշանակալի նուիրատուութիւնը կու գայ յաւելեալ աշխուժութեամբ խթանելու Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրներու կատարման ընթացքը, եւ Ազգային Առաջնորդարանը Հայ Եկեղեցւոյ ընդմէջէն վերանորոգ հաւատքով ու նուիրուածութեամբ կը շարունակէ իր ծառայութիւնը բերել մեր հայրենիքին, ազգին եւ ժողովուրդի զաւակներուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022