Տէր Եւ Տիկին Իսթամպոլեան 2 Միլիոն Տոլար Կը Նուիրէ՝ Օրէնճ Քաունթիի Մէջ Ազգ. Միջնակարգ Վարժարան Հաստատելու Նպատակին

Երեքշաբթի, 8 Փետրուար 2022-ի յիտմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անժելա Իսթամպոլեանները, որոնք հոգեկան անսահման ուրախութեամբ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին՝ ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմին եւ մասնաւորաբար Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, եւ Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան նախակրթարանը միջնակարգի մակարդակի բարձրացնելու նպատակին՝ ի յիշատակ իրենց ծնողաց Ոսկան եւ Էլիզ Իսթամպոլեաններու նուիրեցին երկու միլիոն տոլար ($2,000,000):

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Իսթամպոլեան ամոլին ցուցաբերած ազգային կեցուածքը, որով հայ ազգի յաւերժութեան պահպանման նպաստող ազնիւ մտածում մը կը կոչուի կեանքի, միաժամանակ դիտել տալով, որ Ազգ. Առաջնորդարանի ներկայութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի կեանքէն ներս, առաւել եւս կ՛իմաստաւորուի՝ Ազգ. վարժարաններու ճամբով կատարուած ծառայութիւններու եւ կրթական ծրագիրներու իրագործմամբ:

«Յուրախութիւն բոլորիս, Ազգ. Առաջնորդարանը, Սփիւռքի տարուան առիթով, ահա՛ Օրէնճ Քաունթիի մէջ նոր ձեռքբերում մը կ՛արձանագրէ: Մենք կը հաւատանք, որ, եկեղեցւոյ կողքին, հայ դպրոցը մեր կեանքէն ներս եզակի դերակատարութիւն մը ունի եւ կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի գոյութեան կարեւոր կռուաններէն մէկը», հաստատեց Թորգոմ Եպս.:

Կարեւոր այս հանդիպման Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Յովհաննէսեան, ատենադպիր եւ Խնամակալ մարմինի հետ կապ՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան, գանձապահ՝ Տիար Գալուստ Ակոբեան, Խնամակալ մարմինի ատենապետ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ եւ Խնամակալ մարմինի անդամ ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Մանօ Տիշոյեան, Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Անի Շահինեան Սարգիսեան եւ Ուսումնական մարմինի անդամ եւ Հոգաբարձութեան հետ կապ՝ Տիար Արա Մալաքեան:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022