Տօն՝ Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան – «Եկեղեցին Գեղեցիկ Տաճար Ու Շքեղ Կառոյց Է Ի՛Ր Իսկ Ժողովուրդին Ներկայութեամբ», Հաստատեց Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

Կիրակի, 17 Յունուար 2021ին, Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան իր առաջնորդական առաջին այցելութիւնը տուաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ, եւ «եղիցի կամք Քո» աստուածահաճոյ գոհունակութեամբ կատարեց Անդրանիկ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, փոխանցեց իր հոգեշունչ քարոզը, ապա շնորհաւորեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, ներկայութեամբ շրջանի հոգեւոր, եկեղեցական, պատկան մարմիններու, միութիւններու, ազգային, կրթական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու:
Սրբազան Հայրը չորս կէտերու մէջ ամփոփելով իր պատգամը՝ խորհրդածեց.

ա) «Ի՞նչ է եկեղեցին»: Պատասխանելով իր իսկ հարցումին ան բացատրեց, որ եկեղեցին Աստուծոյ ուժը, տունը, շունչն ու իշխանութիւնն է երկրի վրայ, այլեւ եկեղեցին ժողովուրդը ինքն է. «Եկեղեցին մեր ժողովուրդի համատեղ ներկայութիւնն է Աստուածորդիի Խաչին առաջնորդութեամբ, որովհետեւ եկեղեցին գեղեցիկ տաճար ու շքեղ կառոյց է ի՛ր իսկ ժողովուրդին ներկայութեամբ»: Յիշելով, որ անցնող տասը ամիսներու ընթացքին պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով ժողովուրդը հեռու մնաց եկեղեցիէն, չկրցաւ ներկայ ըլլալ հոգեւոր արարողութիւններուն եւ մինչեւ օրս նոյնն է պարագան, պատգամաբեր Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ մեր ժողովուրդի զաւակները թէեւ առիթը ունեցան առցանց հետեւելու եկեղեցական բոլոր արարողութիւններուն, բայց պակաս բան մը կար իրենց կեանքին մէջ, այնպէս ինչպէս արարողութիւնները կատարող հոգեւոր հայրերու կեանքին մէջ. «Մենք ալ զգացինք, որ պակաս բան մը կայ մեր կեանքին մէջ: Պակաս եղողը եկեղեցւոյ ցնծութիւնն է, ուրախութիւնն այն, որ հաւատացեալներու ներկայութեամբ կը դրսեւորուի»:

բ) Անդրադառնալով Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան նշեց. «Սուրբ Յովհաննու Կարապետի ծննդեան տօնն է այսօր: Այն անձնաւորութեան, որուն անունը կը կրէ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցին: Երբ Մարիամ յղի էր Յիսուսով, օր մը այցելութեան գնաց Եղիսաբէթին, որուն որովայնին մէջ էր Յովհաննէս Մկրտիչ: Վերջինս երբ մօրը արգանդին մէջէն զգաց ներկայութիւնը Յիսուսի, որ իր կարգին իր մօր՝ Ս. Մարիամի արգանդին մէջ կը գտնուէր, խաղաց, շարժեցաւ եւ այս դէպքին լոյսին տակ հայ շարականագիրին կողմէ Յովհաննէս Մկրտիչ բնութագրուեցաւ՝ «արգանդէ արգանդ երկրպագող Քրիստոսի» բառերով», ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապա լոյսին բերաւ «ապաշխարութիւն»ը՝ իբրեւ Յովհաննու Մկրտիչին կողմէ ամէնէն աւելի գործածուած բառ եւ մեկնեց զայն՝ ըսելով. «Քրիստոնէական կեանքին մէջ ապաշխարութիւնը ամենաշատ ներկայութիւն է հայկական աղօթքներու, շարականներու եւ ծիսակատարութեանց մէջ, բայց եւ, ցաւօք, ներկայիս դադրած է շուրթերու վրայ գործածուելէ: Ապաշխարութիւնը գործուած մեղքի, արարքի զղջումն է, իսկ մարդը կը մեղանչէ երեք մակարդակներով՝ մտածումով, խօսքով, գործով: Բոլոր ժամանակներուն մէջ չկայ մարդ մը, որ ապաշխարութեան կարիքը չունի: Այս իմաստով, մենք բոլորս լաւ պէտք է գիտնանք, որ մնայուն պէտք է ըլլայ ապաշխարութիւնը մեր կեանքին մէջ եւ գործուած մեղքին համար զղջալէ ետք պէտք է խուսափիլ նոյն մեղքը դարձեալ գործելէ: Պէտք է ունենալ հոգիի, մտքի, կեանքի այնպիսի ուժեղ ընթացք, որով կարելի ըլլայ մեղքին ըսել՝ հեռացի՛ր ինձմէ, ես քեզի չեմ պատկանիր, կամ՝ ո՜վ մեղք, հեռացի՛ր ինձմէ, որովհետեւ դուն ինծի չե՛ս պատկանիր»:

գ) «Բան մը ըրէ»: Նոր անկիւնէ մը դիտելով Կանայի հարսանիքի դրուագը, պատարագիչ Սրբազան Հայրը վեր առաւ Ս. Մարիամի խօսքը՝ ուղղուած իր Աստուածորդի զաւակին, թէ՝ հարսնեւորներուն գինին վերջացաւ, «բան մը ըրէ» եւ զուգահեռ մը գծելով Մայր Կոյսին ու Մայր Հայաստանի ոգեղէն կերպարին միջեւ՝ գոչեց. «Այսօր Հայաստանը դարձած է Կանա, ուր հոգեւոր թէ նիւթական գինին է պակսած, եւ ես հիմա կը լսեմ Մայր Հայաստանի ձայնը, որ մարիամաբար կը հնչէ: Մայր Հայաստանը այսօր Մարիամն է, որ կը դիմէ իր զաւակին, իր ժողովուրդին, մեզի, բոլորիս, երբ կ՛ըսէ՝ զաւակս, գինին վերջացաւ հայաստանեան հարսանիքին, «բան մը ըրէ»: Շարունակելով պատումը, Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ Յիսուս թէեւ իր մօր պատասխանեց թէ հրաշք գործելու իր ժամանակը չէ հասած տակաւին, բայց չկրցաւ չլսել եւ չկատարել իր մօր խնդրանքը եւ ուրեմն ջուրը գինիի վերածեց, որպէսզի հարսանիքը շարունակուի ուրախ մթնոլորտի մէջ: «Այսօր, մեզմէ շատեր թերեւս չեն կրնար շատ բան ընել կարիքաւոր Մայր Հայաստանին, բայց մենք բոլորս հրաւիրուած ենք Յիսուսի՛ն պէս վարուելու եւ մեր ազգին մօր՝ Մայր Հայաստանի խնդրանքին գոհութիւն տալու ու անպայման բա՛ն մը ընելով անոր նեցուկ կանգնելու, որովհետեւ միայն այսպէս է, որ պիտի շատնայ ու առատանայ մեր հայրենիքի, Հայաստանի՛ գինին, մեր հայրենիքի կեանքի՛ ու հարսանեա՛ց գինին», թելադրեց ան:

դ) «2021՝ Արցախի Տարի»: Սրբազան Հայրը թուեց այն բոլոր դժուարութիւններն ու տագնապալի պատահարները, որոնք անցեալ տարի տեղ գտան աշխարհի եւ հայ ազգի կեանքին մէջ, ապա անդրադառնալով 44օրեայ Արցախի պատերազմին ըսաւ, որ 2020ի բոլոր աղէտներէն ամէնէն ծանրը մեր ազգի զաւակներուն պարտադրուած արիւնալի պատերազմը եղաւ, որ աշխարհի բոլոր հայերուն խոր ցաւ պատճառեց, տագնապի մատնեց բոլորս, եւ ի հետեւանք՝ պարտուողական հոգեբանութիւնը ակամայ տեղ գտաւ մինչ այդ յաղթողի նկարագրով ապրող մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: «Վեհափառ Հայրապետը 2021 տարին հռչակելով «Արցախի Տարի», յոյսի նոր դռներ կը բանայ մեր ժողովուրդին առջեւ, վերանորոգ հաւատքով գործելու ու նոր տեսիլքներով լեցուելու կարելիութիւններ կ՛ուրուագծէ Հայաստանի իշխանութիւններու, Սփիւռքի ղեկավարութեան եւ մեր ժողովուրդին առջեւ», նշեց Սրբազան Հայրը, ապա աւելցուց, որ հակառակ արհաւիրքներու, հողային ու մարդկային կորուստներու՝ «մեր ազգին ուզելու, պահանջելու, հետապնդելու եւ ունենալու կամքը չէ վերջացած տակաւին եւ եթէ օր մը այս կամքը վերջանայ, կը նշանակէ, որ մեր ազգի գոյութեան իմաստը վերջացած է, քանի որ երբ մեզմէ խլուածը, առնուածը, բռնագրաւուածը վերստին ունենալու, ձեռք բերելու, եւ մանաւանդ հետապնդելու մեր կամքը աւարտի, այն ատեն փուլ կու գայ ամբո՛ղջ ըլլալու մեր երազը եւ մենք ազգովին կը դադրինք գոյութիւն ունենալէ» եւ իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ խորհրդածութեամբ. «Մենք իրաւունք չունինք մեր ոգեղէն ձեռքերուն մէջ բռնած յոյսի բաժակը կոտրելու, այլ՝ ընդհակառակն, մենք կը նայինք ապագային՝ ինչ որ մերն է անգամ մը եւս ունենալու հաւատքով եւ այդ ուղղութեամբ գործելը կը դարձնենք մեր կեանքին ու գոյութեան նպատակը»:

Այնուհետեւ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան իր ջերմ ողջոյնները յղեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի, եկեղեցւոյ սարկաւագաց ու դպրաց դասերուն, Հոգաբարձական կազմին ու Տիկնանց միութեան, Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետին ու անդամներուն, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին, եկեղեցւոյ բարերարներուն ու բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ Հոլիվուտի մէջ գործող վարժարանի մեծ ընտանիքին ու կրթական, ազգային, ընկերային կառոյցներուն, միութիւններուն ու ազգի բոլոր զաւակներուն եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները: Հուսկ, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւն, որուն յաջորդեցին «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութիւն եւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ հիւրասիրութիւն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022