Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ


Ինչպէս հայկական որեւէ օճախի, նոյնպէս ալ մեր Թեմին մէջ, գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած է, որ մեր եկեղեցիներու անուանակոչութեան օրերը տօնախմբուին փառաշուք կերպով եւ մատաղի օրհնութեամբ, ինչ որ յատուկ առիթ կը ստեղծէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ հաղորդուելու մեր տոհմիկ աւանդութեանց հետ ու վերանորոգելու հաւատքի ուխտը:

Խաչվերացի տօնին առիթով, որ է նաեւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօնը, ամէն տարի եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ կը մատուցուի տաճարին մէջ, “Անդաստան” կը կատարուի, ապա տեղի կ’ունենայ մատաղի եւ ռեհանի օրհնութիւն:

Այս տարի եւս, Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօնը փառաշուք կերպով տօնախմբուեցաւ Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր 2014-ին։ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ մատոյց եւ իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան:

Ս. Խորանին կը սպասարկէին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան եւ սարկաւագներ: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, շրջանի երեսփոխաններ, բարերարներ եւ գաղութիս մէջ գործող միութեանց ներկայացուցիչներ:

Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. խաչի Վերացման Տօնին առիթով իր պատգամին մէջ փառք տուաւ Աստուծոյ, եւ նախքան իր օրուան հոգեւոր պատգամը յիշեցուց որ անցնող շաբթուան ընթացքին, մասնակցած է Միջին Արեւելքէն Ուաշինկթըն համախմբուած քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու ժողովին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս։ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն պաշտպանութեան ի խնդիր կազմակերպուած հոգեւոր այս գերաստիճանին նպատակն էր քննարկել քրիստոնէական եկեղեցիներուն եւ համայնքներուն սպառնացող ահաբեկչական խմբակցութիւններու ծանօթ արարքները եւ վտանգները կանխելու կարելիութիւնները։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ պատմական այն դէպքերուն, որոնք կապուած են Ս. Խաչի Վերացման տօնին. ան բնաբան ընտրած էր շարականին հետեւեալ բառերը.- “Զօրութիւն Ս. Խաչի Քո Քրիստոս, որ կանգնեցեր ի փրկութիւն աշխարհի, սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ”, որ կը նշանակէ՝ Ս. Խաչիդ զօրութիւնը, Քրիստոս, զոր կանգնեցիր աշխարհի փրկութեան համար, թող մեզ պահպանէ փորձութենէ:

Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց, թէ ինչպէս Քրիստոսի Ս. Խաչը Պարսից կողմէ 7րդ դարու առաջին քառորդին, շուրջ 610-ին, եկեղեցական այլ սպասներու հետ իբրեւ աւար, Պարսկաստան գերեվարուեցաւ։ Այդ թուականէն շուրջ քսան տարի ետք, Յունաց Հերակլ կայսրը, Ս. Խաչը ազատագրելու համար Պարսկաստան արշաւեց։ Հայկական զօրագունդ մը, Մժէժ Գնունի իշխանի առաջնորդութեամբ, միացաւ Հերակլ կայսեր զօրաբանակին եւ յաղթելէ ետք պարսիկներուն՝ ազատագրեցին Ս. Խաչը եւ վերադարձուցին Երուսաղէմ, ուր զետեղուեցաւ Ս. Յարութեան Տաճարին մէջ։

Խաչը, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, քրիստոնէութեան էութիւնն է, մեր հաւատքի կեանքին ամէնէն զօրաւոր պատգամը, որ կը վերանորոգէ մեր կեանքը: Քրիստոս յանձն առաւ մեզի համար խաչ բարձրանալ, կրեց մեզի համար անասելի տառապանքներ, իր արիւնը զոհաբերեց, որպէսզի մենք փրկուինք ու յաւիտենական կեանք ունենանք: Խաչը նաեւ մարդուն հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն գերագոյն արտայայտութիւնն է, սիրոյ, արդարութեան եւ աստուածային զօրութեան խորհրդանիշը: Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ առաքեց, որպէսզի քաւութիւն շնորհէ մեր մեղքերուն եւ փրկէ մեղքի կապանքներէն: Անոնք, որոնք իրենց հաւատքը հաստատած են Քրիստոսի արեան վրայ, կը փշրեն մեղքի կապանքները եւ վերանորոգուած, նոր արարածներ կը դառնան: Քրիստոսի արիւնը երկնային փառքի հասնելու բանալին է, մեր Տէրը՝ Յիսուս, երկնային թագաւորութեան մէջ տեղ կը պատրաստէ անոնց համար, որոնք կը հաւատան ու կ’ապաւինին իրեն, կը հետեւին Իր պատգամներուն: Խաչը մեզի, քրիստոնեաներուս համար, ո՛չ միայն սիրոյ, զոհողութեան, այլեւ յաղթութեան խորհրդանիշ ու զէնք է։ Անո՛վ միայն կարելի է մեղքին, չարին ու մահուան յաղթել։ Քրիստոնեաներուս ձեռքին, Քրիստոսի Ս. Խաչը քաջութիւն ներշնչող զէնք է, որ կը պաշտպանէ ու կը պահպանէ երեւելի եւ աներեւոյթ բոլոր տեսակի թշնամիներէն եւ փորձութիւններէն։ Խաչը մխիթարութիւն, յոյս ներշնչող անմահ կեանքի գրաւականն է բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք երկիւղածութեամբ եւ խոր հաւատքով կը մօտենան Խաչի խորհուրդին: Քրիստոնեային համար, ուրեմն, կայ մէկ ճամբայ, Ս. Խաչի ճամբան, ուրեմն նայինք անոր եւ ապրինք մեր հոգեւոր վերածնունդը:

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի ծանօթ իրադարձութիւններուն, նկատել տալով, որ ծայրայեղական տարրեր այսօր ալ հալածանքի կ’ենթարկեն խաչը: Մեր պապերը, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, դարեր շարունակ հալածանքներ կրած են նմանօրինակ արարքներու հետեւանքով, սակայն հաստատ մնացած են իրենց հաւատքի ճամբուն մէջ, հաւատքը անոնց տուաւ յոյս ու դիմադրելու զօրութիւն: Անոնք հաւատարիմ մնացին խաչին ու անոր ապաւինելով՝ յաղթահարեցին դժուարութիւնները: Այսօր ալ, շեշտեց ան, մեր քրիստոնեայ եղբայրները նոյն հաւատքով ու նոյն հաւատարմութեամբ կը նային խաչին, եւ վստահաբար անոնք պիտի յաղթահարեն վտանգներն ու փորձութիւնները, պիտի հասնին ապահովութեան ափ: Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց, որ աշխարհը վերագտնէ խաղաղութեան ուղին ու մասնաւորաբար վերջ գտնեն Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն տառապանքները:

Պատարագի աւարտին, առընթերակայութեամբ հոգեւոր հայրերուն եւ սարկաւագներուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց Խաչի տօնին Անդաստանի արարողութիւնը եւ օրհնեց երկրի չորս կողմերը, մեր հայրենիքն ու հայրապետութիւնը, հայոց հանրապետութիւնը, վանքերն ու դպրատուները, հայոց դաշտերն ու այգիները, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայ ժողովուրդը, ապա կատարեց ռեհանի օրհնութիւնը։

Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ “Բաղրամեան” սրահ, ուր հաւատացեալներու խուռներամ ներկայութեամբ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւնը ու բաշխումը։ Ապա, տարիներու գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, կազմակերպութեամբ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին։ Սեղաններու օրհնութենէ ետք, ողջոյնի խօսք արտասանեց Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր օրհնութեան, շնորհաւորական, քաջալերանքի եւ գնահատանքի խօսքը ուղղեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչին, Հովիւին, հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, եւ ներկայ հաւատացեալներուն, մաղթելով Մոնթեպելլոյի գաղութիւն բարգաւաճ եւ բեղուն կեանք։ Հանդիսաւոր արարողութիւնները վերջ գտան “Կիլիկիա” մաղթերգով եւ “Մեր Հայրենիք” քայլերգով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022