Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առթիւ


Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 12 Յունուար 2014ին, եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Պատարագիչ Սրբազան Հօր սպասարկեցին զոյգ Հոգեւոր Հովիւները՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներն ու դպիրները։

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի նկարագրային գիծերուն ու առաքելութեան։ Ան ըսաւ, որ Յովհաննէս Մկրտիչ եղաւ կարապետը եւ ճամբան պատրաստողը յաւիտենական թագաւորութեան։ Յովհաննէս Մկրտիչ Աստուծոյ աչքին մեծ եղաւ։ Աստուծոյ եւ մարդոց աչքին մեծ ըլլալու չափանիշները տարբեր են։ Կարելի է մարդոց աչքին մեծ ըլլալ նիւթականով, շնորհքներով կամ տաղանդներով, սակայն նախընտրելի է մարդկային չափանիշներով ամէն ինչ երկրորդական նկատել, նոյնիսկ զոհը դառնալով չարախօսութեան, բամբասանքի, բայց Աստուծոյ աչքին մեծ ըլլանք, հնազանդնելով Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ ձայնին։ Ան թելադրեց որ օրինակելի ըլլանք մեր շրջապատին՝ Աստուծոյ հանզանդութեամբ, դառնալով ճշմարիտ քրիստոնեաներ եւ հասանելի ըլլանք, Ս. Հոգիով լեցուած, եւ լոյս տարածենք մեր շրջապատին։

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք, եւ բաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Հաւատացեալներ իրենց տուները վերադարձան հոգեւոր ապրումներով լիցքաւորուած։

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ

Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայութեամբ Հոգեւոր Հովիւներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեանի եւ Տիկնոջ, Թեմիս Ազգային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեանի եւ անդամներու, Ազգային Վարչութեան նախկին ատենապետ Տիար Կարօ Յակոբեանի, շրջանի Հ.Յ.Դ. «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Կարօ Իսբէնճեանի եւ այլ անդամներու, եկեղեցւոյ օծման կնքահայր Տէր եւ Տիկ. Վահէ եւ Վերոնիք Կարապետեանի, եկեղեցւոյ Ս. Խորանի նուիրատու՝ Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Հայկուհի Դաղլեանի, եկեղեցւոյ հոգաբարձական եւ երեսփոխանական կազմերուն, հոգաբարձութեան նախկին ատենապետներու եւ անդամներու, Տիկնանց Միութեան, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի տնօրէնուհի Դոկտ. Ալինէ Դուրեանի, Ազգային Ֆերահեան Վարժարանի տնօրէն Տիար Ժան Գոսաքեանի, «Ասպարէզ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Տիար Աբօ Պօղիկեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ.Օ.Մ.ի, Տարօն Տուրուբերանի, «Րաֆֆի» Ռումանահայ եւ Հայրենակցական Մշակութային Միութեան, Սահակեան վարժարանի Սանուց Միութեան ներկայացուցիչներուն, Կիրակնօրեայ  վարժարանի տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն, սարկաւագաց ու դպրաց դասի անդամներուն, եկեղեցւոյ բարերարներուն եւ բարեկամներուն, եւ հաւատացեալներու բազմութեան։

Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ, բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հոգեւոր Հովիւը՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած այս հանդիսութեան առիթով, Հովիւն ու հոգաբարձութիւնը պատուեն վաստակաշատ ու անձնազոհ ծառայողներ։ Այս տարի յատուկ գնահատանքի եւ պատիւի արժանացաւ Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան նախկին անդամ եւ ատենապետ եւ երեսփոխան Տիար Տիգրան Սարգունին, իր ընտանեկան անմիջական պարագաներու, հարազատներու եւ բարեկամներու ներկայութեան։

Տէր Վիգէն ներկայացուց Տիար Տիգրան Սարգունին իր նկարագրային կարգ մը գիծերով։

Եկեղեցւոյ օծման կնքահայր Տէր եւ Տիկ. Վահէ եւ Վերոնիք Կարապետեան, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս յանձն առած էր մատաղի բոլոր ծախսերը, նաեւ՝ եկեղեցւոյ եւ Ազգային Առաջնորդարանին 6,000 տոլարի նուիրատուութիւն կատարեց։ Հանդիսութեան ընթացքին եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։ Տիկին Ճեսիքա Վարդուկեան իր մօր Իսկուհի Սարգիսեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով եկեղեցւոյ նուիրեց 5,000 տոլար, իսկ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանին՝ 5,000 տոլար։ Տէր Հայրը, յանուն Հոգաբարձութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն։

Ապա, Տէր Հայրը հրաւիրեց հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Տաճատ Երէցեանը, որ հոգաբարձութեան անունով յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Տիար Տիգրան Սարգունիին։ Իսկ Թերեզա Երիմեան Քալիֆորնիոյ խորհդարանի անդամ Ատրին Նազարեանէն եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանէն գնահատագիրներ յանձնեց Տիար Տիգրան Սարգունիին։ Տիար Սարգունի խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց հոգաբարձութեան եւ Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանին, որ զինք արժանի նկատած էին այս մեծարման եւ իր տիկնոջ եւ դստեր՝ Մակիի եւ Մարէի անունով եկեղեցւոյ նուիրեց 5,000 տոլար, նաեւ $1000 տոլար՝ Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանին։

Պաշտօնական յայտագիրին կողքին, իրագործուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը՝ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի եւ Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիներու կողմէ։ Անոնք հանդէս եկան սաղմոսացութեամբ, արտասանութեամբ, երգով ու պարով։

Յայտագրի աւարտին, Տէր Հայրը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ Տիար Տիգրան Սարգունիին շնորհեց Օրհնութեան Գիր մը, զոր ընթերցեց Տէր Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Սրբազան Հայրը, խօսք առնելով, ըսաւ թէ այսօր մեր ուխտը վերանորոգելու օր է, եւ կոչ ուղղեց բոլորին, որ հաւատարմութեամբ, կարգապահութեամբ եւ ճշմարտութեան սկզբունքներով մեր ծառայութիւնը բերենք Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ մեր ազգի յաւերժութեան համար։ Ան յատուկ կերպով գնահատեց Տիար Տիգրան Սարգունին։ Սրբազան Հայրը նաեւ գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութիւնն ու բոլոր նուիրատուները եւ ներկայ հաւատացեալները, իրենց ծառայութեան եւ նուիրաբերումին համար։

«Պահպանիչ» աղօթքի օրհնութեամբ եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ վերջ գտաւ օրուան խանդավառ հանդիսութիւնը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022