Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, Յունուար 15, 2012ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ սարկաւագներն ու դպիրները։
Սրբազան Հայրը, Շարակնոցէն մէջբերելով հետեւեալ աղօթքը՝ »Բարձրեալին մարգարէն եւ Թագաւորին զինուորը, որ նաեւ կիներու ծնունդներուն մէջ մեծ կոչուեցաւ, հոգեւոր օրհնութիւններով պատուենք«, անդրադարձաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի նկարագրային գիծերուն ու առաքելութեան։ Յովհաննէս Մկրտիչ մարգարէներու մեծը եղաւ։ Ան ջուրով մկրտեց եւ թելադրեց ժողովուրդին՝ արդարութեամբ ապրիլ։ Ան խիզախ, արդար, զօրաւոր նկարագրի տէր անձ էր։ Ան Ս. Հոգիով լեցուեցաւ եւ Աստուծոյ աչքին մեծ եղաւ իր հնազանդութեամբ եւ համեստութեամբ։ Սրբազան Հայրը պատգամեց, որ այս ուխտի օրը կոչ մըն է բոլորիս՝ համեստութեամբ եւ հնազանդութեամբ ապրելու։ Աղօթենք որ Ս. Հոգիի ներգործումով, մեր շնորհքները աւելնան՝ Տէրը օրհնելու եւ փառաբանելու։ Կը ծնինք, կÿապրինք, կը գործենք, ժամանակաւորապէս մարդոց աչքին մեծ կÿերեւինք, սակայն կարեւորը Աստուծոյ աչքին մեծ երեւիլն է, շեշտեց պատարագիչ Սրբազան Հայրը։
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք եւ բաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Հաւատացեալներ իրենց տուները վերադարձան հոգեւոր ապրումներով լիցքաւորուած։
Պատարագէն անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ »Կարապետեան« սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, նախագահութեամբ Սրբազան Հօր, ներկայութեամբ Հոգեւոր Հովիւին, Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի տնօրէնուհիին, Մարի Փոստոյեան մանկամսուրի վարիչին, շրջանի Հ.Յ.Դ. »Գարեգին Նժդեհ« կոմիտէի ներկայացուցիչին, եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմին, տիկնանց միութեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն, սարկաւագաց ու դպրաց դասերուն, երգչախումբի անդամներուն, եկեղեցւոյ բարերարներուն եւ բարեկամներուն, եւ հաւատացեալ բազմութեան։
Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ, բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։
Տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած այս հանդիսութեան առիթով, Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը պատուեն վաստակաշատ ու անձնազոհ ծառայողներ։ Այս տարի, յատուկ գնահատանքի եւ պատիւի արժանացաւ եկեղեցւոյս Ս. Խորանի ծառայողներէն՝ բարեշնորհ Զօհրապ Աւ. Սրկ. Եարալեան։
Հոգեւոր Հովիւը գնահատեց Զոհրապ Աւ. Սրկ. Եարալեանի 45ամեայ ծառայութիւնը Լոս Անճելըսի հայկական գաղութէն ներս, որպէս երգիչ, ուսուցիչ, հոգաբարձու եւ մանաւանդ սարկաւագ։ Ան անդրադառնալով մեծարեալի արժանիքներուն, ըսաւ որ ան անձ մըն է, որուն մէջ նենգութիւն չկայ։ Ան միշտ պատրաստ է օգնելու եւ ծառայելու։
Տէր Հայրը նշեց, թէ այսօր միակ օրն է, երբ որպէս գաղութ եւ մեծ ընտանիք կը հաւաքուինք. ներկայ են եկեղեցւոյ ծառայողներ, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, շրջանին մէջ գործող բոլոր միութիւններուն ներկայացուցիչները։ Բոլորս կը հաւատանք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութեան, որպէսզի նոր սերունդը քալէ ծառայութեան նոյն ճամբէն, որ կը տանի դէպի Աստուած։
Հանդիսութիւնը, մատաղն ու ճաշկերոյթը ունէին հովանաւորներ, ինչպէս Տէր եւ Տիկ. Վահէ Կարապետեան, Տիկ. Սիլվա Չաքմաքճեան, Տիկ. Մակի Բլիկեան, նորոգ հանգուցեալ Տիար Գէորգ Ասլանեան, որ իր մահէն առաջ խոստացած էր ճաշը մատակարարել իր հանգուցեալ Տիկնոջ՝ Մարի Ասլանեանի յիշատակին։ Հանդիսութեան ընթացքին եղան նաեւ սրտաբուխ նուիրատւութիւններ։ Տէր Հայրը յանուն Հոգաբարձութեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն։
Ապա, Տէր Հայրը հրաւիրեց հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Տաճատ Երէցեանը, որ հոգաբարձութեան անունով յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Զօհրապ Աւ. Սարկաւագին։ Իսկ ծերակուտական Քեւըն Տըլիոնի ներկայացուցիչ Տիկ. Պայծառ Թովմասեան իր կարգին գնահատագիր մը յանձնեց օրուան մեծարեալին։
Զօհրապ Աւ. Սրկ. Եարալեան, խօսք առնելով, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, Տէր Հօր եւ բոլորին՝ զինք այս պատիւին արժանացնելու համար։ Զօհրապ Սարկաւագ նշեց որ Աստուծմէ մեզի տրուած շնորհքը պէտք է օգտագործենք Աստուծոյ փառքը հիւսելու եւ Աստուծոյ գործը դիւրացնելու մեր նմանին օգնելով։
Պաշտօնական յայտագիրին կողքին, իրագործուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը՝ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի եւ Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիներու կողմէ, որոնք ճոխացուցին մթնոլորտը դաշնամուրի նուագներով, արտասանութիւններով, երգերով եւ հայկական պարերով։
Յայտագրի աւարտին, Տէր Հայրը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ իր հերթին Զօհրապ Աւ. Սրկ. Եարալեանին շնորհեց Օրհնութեան գիր մը, զոր Տէր Հայրը ընթերցեց։ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ այսօր մեր ուխտը վերանորոգելու օր է, իսկ խօսելով Զօհրապ Աւ. Սրկ. Եարալեանի մասին, նշեց, որ իր ծառայական կեանքին մէջ եղաւ բարի, ազնիւ եւ բարեմիտ, միշտ բարին խորհելով, բարին խօսելով եւ բարին գործելով։ Սրբազան Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ Զօհրապ Աւ. Սրկ. Եարալեանի տիկնոջ՝ Քարմէնի մասին, որ անդամ է Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին։ Վերջապէս, անդրադառնալով հանգուցեալ Գէորգ Ասլանեանի մասին՝ մաղթեց, որ Աստուած օրհնէ անոր յիշատակը։
»Պահպանիչ« աղօթքի օրհնութեամբ եւ »Կիլիկիա« մաղթերգի երգեցողութեամբ վերջ գտաւ օրուան խանդավառ հանդիսութիւնը։
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ