Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծուխը Շաբաթ, 19 եւ Կիրակի, 20 Յունուարին ապրեցաւ կրկնակիօրէն պատմական ու յիշատակելի շաբաթավերջ մը, որ նուիրուած էր եկեղեցւոյ անունակոչութեան տօնին։ Եկեղեցւոյ հովիւն ու ծխական մարմինը այս տարի գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին առաջին անգամ ըլլալով Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը նշել աւանդական մթնոլորտի մէջ, զայն կոչելով «հերիսայի օր»։
Անուանակոչութեան տօնին նուիրուած արարողութիւններն ու ձեռնարկները տարածուեցան երկու օրուան վրայ ու վայելեցին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Տեղի ունեցան մատաղի պատրաստութիւն, Ս. Պատարագ եւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որոնց ընթացքին վեր առնուեցան Յովհաննէս Մկրտիչի առաքելութենէն բխող պատգամները, մատաղի օրհնութեան աւանդութեան կարեւորութիւնն ու ծխական այս շրջանը աւելի եւս յառաջ մղելու միջոցները։
ՄԱՏԱՂԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը Շաբաթ յետմիջօրէին սկսաւ մատաղի պատրաստութեան, իսկ երեկոյեան համար ծրագրուած էր խրախճանական ընթրիք մը։
Առաջնորդ Սրբազանը երեկոյեան ժամանեց Ս․ Կարապետ եկեղեցի, ուր հաւատացեալներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ խանդավառութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց մատաղը՝ հերիսան հարելու բացումը. իրեն միացան Կարապետ եւ Յովհաննէս անունները կրող ազգայինները եւ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքէին մասնակցիլ հարումի արարողութեան։ Ապա, ժողովուրդը ուղղուեցաւ «Գուճաքեան» սրահ, ուր Սրբազան Հօր սեղաններու օրհնութենէն ետք, տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւնը։ Մասնակիցները մեծ հաճոյքով վայելեցին տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած ընթրիքը, որմէ ետք երեկոն խանդավառեց երգիչ Նշան Ջաղացպանեանը։
Ծխական յանձնախումբի անդամներէն Տիար Յակոբ Հաւանճեան ողջունեց Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեանը, ներկայացուցչական դէմքերը եւ ներկաները, յայտարարելով, որ այսուհետեւ այս տօնը պիտի վերածուի ուխտի օրի եւ պիտի ըլլայ «Հերիսայի փառատօն»։ Ան հրաւիրեց Օր. Սիրուն Պէրպէրեանը, որպէսզի բացատրութիւն տայ տօնին, Ս. Կարապետ վանքի պատմականին եւ հերիսայի աւանդութեան մասին։
Խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վահան Աւ. Քհնյ. Կոստանեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին ներկայութեան համար, նաեւ գեղեցիկ մեկնարկ մը համարեց Ս. Կարապետի տօնին առթիւ մատաղի պատրաստութիւնը, մաղթելով, որ այս ու նման աւանդութիւններու վերականգնումով, գաղութը բարգաւաճի։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ հերիսայի օրը ոչ միայն ուխտի օր է, այլեւ հաւատքի վերանորոգման ու զօրացման օր, ուր հաւատացեալներ համեստութեամբ, ծառայասիրութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ զիրար գնահատեն, պարկեշտ ու ազնիւ ոգիով։
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Կիրակի 20 Յունուարի առաւօտուն, պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի։ Թափօրին կը մասնակցէին Հ․Մ․Ը․Մ․-ի «Արցախ» մասնաճիւղի սկաուտ-արենուշները։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Արժ. Տ. Աւետիս Աւ․ Քհնյ․ Թորոսեանը եւ եկեղեցւոյ սարկաւագները։ Արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեան, Հ.Յ.Դ. «Իշխան» կոմիտէութեան, ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի եւ եկեղեցւոյ ժողովականութեան ներկայացուցիչներ ու անդամներ։
Ուշագրաւ էր, որ եկեղեցւոյ մուտքին, սեղանի մը վրայ տեղադրուած էր Ս. Կարապետ պատմական վանքի լուսանկարը, որուն առջեւ հաւատացեալներն ու սկաուտները մոմեր վառեցին իբրեւ ուխտաւոր։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ ողջունելով ներկաներն ու փառք տալով Աստուծոյ, որ եկեղեցւոյ անունակոչութիւնը կը տօնախմբուի յատուկ մթնոլորտի մէջ, ապա անդրադարձաւ Մշոյ Ս․ Կարապետ վանքին, յիշելով, որ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մուշի շրջանը գտնուած օրերուն, տեղւոյն բնակիչներուն թելադրած է վանք մը կառուցել եւ Յովհաննէս Մկրտիչին մասունքները, որ Կեսարիայէն իր հետ բերած էր, կը զետեղէ վանքին մէջ, վանքը կոչելով Ս․ Յովհաննու Կարապետ։ Դարեր շարունակ, վանքը հայ հաւատացեալներու համար ուխտատեղիի վերածուած է։
Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչի արժանիքներուն ու առաքելութեան մասին, ըսելով, որ ան մարգարէներուն մեծագոյնն էր եւ Աստուծոյ պարգեւն էր իր ծնողաց, ան տիրոջ աչքին մեծ պիտի ըլլար եւ Եղիայի առջեւէն պիտի քալէր։ Ան յիշատակեց Ղուկաս Աւետարանիչի խօսքը՝ «Վստահ եղէ՛ք, մարդոց մէջ Յովհաննէսէն մեծ մարգարէ չէ ծնած», աւելցնելով, որ ան եղած է մեր Փրկիչին գալստեան աւետիսը տուողը, ինչպէս կ՛ըսէ Եսայի մարգարէ՝ «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, Տիրոջը ճամբան պատրաստեցէ՛ք»։ Յովհաննէս Մկրտիչն էր դէպի փրկագործութիւն, ապաշխարութիւն առաջնորդող սուրբը, որուն մասին Յովհաննու Աւետարանին Ա. գլուխի առաջին համարներուն մէջ ըսուած է. «Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ, բայց ինձմէ ետք մէկը պիտի գայ, որ ձեզ հոգիով պիտի մկրտէ, եւ ան է Աստուծոյ որդին ու գառնուկը»։ Ան յիշեց նաեւ, որ Յիսուսի մկրտութեան պահուն, Ս. Հոգին աղաւնակերպ իջաւ եւ ձայն մը լսուեցաւ, որ կ՛ըսէր. «Անիկա է իմ սիրելի որդին, որուն ես հաւնեցայ»։ Պատգամաբեր Սրբազան Հայրը նաեւ նշեց, որ նոյն օրը կը զուգադիպէր Յիսուս Քրիստոսի առաջին հրաշագործութեան յիշատակումին, երբ Կանայի հարսանիքին՝ ջուրը գինիի վերածեց։
Եզրափակելով իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց աղօթակից քահանայ հայրերը, ծխական մարմինի անդամները, գաղութի բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչները եւ հաւատացեալները, յորդորելով, որ համայնքի զաւակները միայն եկեղեցի յաճախելով չգոհանան, այլ Յովհաննէս Մկրտիչի օրինակին հետեւելով, դառնան անոր համեստ ու խոնարհ ծառայողները, գործեն ձեռք-ձեռքի տուած։
Տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, մասնաւորաբար յիշատակուեցան եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար ընտանիքին ննջեցեալները, նուիրատուներն ու եկեղեցւոյ ծառայողները։ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց անոնց յիշատակը եւ աղօթք բարձրացուց անոնց հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր կատարեց ծխական այս շրջանի առաջին մատաղի օրհնութիւնը։ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի մասնաճիւղը ունէր 12 նորագիրներ, որոնց փողկապներու օրհնութիւնը կատարեց Առաջնորդ Սրբազանը. արծուիկներն ու արենոյշները երգեցին «Ով Հայ Արի»ն եւ «Յառաջ նահատակ»ը, ապա տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը եւ նորագիրները արժանացան իրենց փողկապներուն։ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ անոնց ո՛չ մէկ չարիք կամ դժուարութիւն հանդիպի, այլ միշտ ճակատաբաց ծառայեն Աստուծոյ, եկեղեցիին եւ հայրենիքին՝ «Բարձրացի՛ր Բարձրացո՛ւր» նշանաբանով։
ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ
Արարողութեանց աւարտին, ներկաները ուղղուեցան «Գուճաքեան» սրահ, ճաշակելու համար պատրաստուած հերիսան եւ տօնախմբելու եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը։
Եկեղեցւոյ ծխական մարմինի ատենապետ Տիար Եղիա Եղիայեան ողջոյնի ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ բոլոր ներկաներուն։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ, յուշատախտակներով գնահատուեցան Բարշ. Թամ Սրկ. Կըրճիկեան, Տեարք Րաֆֆի Տէմիրճեան, Հրանդ Հեւոյեան ու Հայկ Տէրտէրեան՝ եկեղեցւոյ իրենց մատուցած ծառայութեանց համար։
Հոգեւոր Հովիւը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր օրհնաբեր ներկայութեան եւ մասնակցութեան համար, գնահատեց տիկնանց միութեան անդամները եւ բոլոր անոնք, որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկին յաջողութեան, ապա հրաւիրեց Սրբազան Հայրը, որ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցէ ներկաներուն։
Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս վեր առաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին խորքն ու անկէ բխող պատգամները ու գնահատանքով արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ բոլոր ծառայողներուն ու բարերարներուն մասին։ Ան մասնաւորապէս յիշատակեց, որ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարուհիներէն՝ Տիկին Անահիտ Պաղտատլեան Օհաննէսեանի ամանորի առիթով կատարած 100.000 նուիրատուութենէն 30.000 տոլարի բաժին մը կը տրամադրուի մեր եկեղեցիներուն, այդ նուիրատուութենէն 3.000 տոլարի բաժին մը կը տրամադրուի Լաս Վեկասի Ս.
buy sildenafil online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/sildenafil.html no prescription
Կարապետ եկեղեցւոյ։ Ան եզրափակեց միասնականութեան ու գաղութի բարգաւաճման ի խնդիր գործելու յորդոր ուղղելով բոլորին։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ տօնակատարութիւնը, որուն յաջորդեց «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր Հայրենիք»ի երգեցողութիւնը։
Նշենք նաեւ, որ Առաջնորդ Սրբազանը խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ եկեղեցւոյ ծխական մարմինին հետ, քննարկելով շրջանի անմիջական հարցերն ու յառաջիկայի ծրագիրները։