Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ը տօնն էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքին, որ անուանակոչութեան տօնն է Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ 7 Ապրիլին, Մեծ Պահոց վեցերորդ՝ Գալստեան Կիրակիին, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածնայ աւետման տօնին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.
buy strattera online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/strattera.html no prescription
Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, իր պատգամը ուղղեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։
Նախքան քարոզը, Հոգեւոր Հովիւը, ծխական մեծ ընտանիքին անունով բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, սոյն գեղեցիկ տօնին առիթով Սան Ֆրանսիսքօ գտնուելուն։
Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտը դրաւ Ս. Աստուածածինին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին օրինակելի հաւատքին եւ Աստուծոյ հանդէպ իրենց ունեցած կատարեալ վստահութեան վրայ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապին մէջ ողջ մնաց աւելի քան 13 տարիներ, շնորհիւ իր աննկուն հաւատքին, յոյսին եւ Աստուծոյ կամքին հանդէպ ունեցած վստահութեան, որովհետեւ ինք կանչուած էր Աստուծոյ խօսքն ու ճշմարտութիւնը տարածելու եւ հայ ժողովուրդը դարձի բերելու քրիստոնէութեան լոյս հաւատքին։ Ս. Կոյս Մարիամ, նմանապէս Աստուծոյ մօտ շնորհք գտնելով, երբ Գաբրիէլ հրեշտակը երեւցաւ իրեն եւ աւետեց, որ «պիտի յղանայ եւ զաւակ մը ծնի, որ բարձրեալին որդին պիտի կոչուի» եւ հակառակ անոր, որ խռովքի ու մտատանջութեան մատնուեցաւ, «Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» պատասխանեց հրեշտակին եւ հնազանդեցաւ Աստուծոյ կամքին։
Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ այսօրուան տօներէն պէտք է քաղենք այն պատգամները, որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մենք երբե՛ք առանձին չենք, այլ մաս կը կազմենք իր մեծ ծրագիրին։ Տէրը ինչպէս, որ Մարիամ Աստուածածինին հետ էր, նմանապէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին, նոյնիսկ երբ ան առանձին կը գտնուէր գուբին մէջ։ Երկուքն ալ իրենց շնորհուած տեսիլքներով Աստուծոյ ծրագիրին իրենց դերակատարութեամբ, տիրոջ ծառայելու անմնացորդ կերպով, հաւատքով եւ վստահութեամբ։ Թէպէտ, երբեմն մենք մեր առօրեայ հեւքոտ կեանքին մէջ մխրճուած, չենք նշմարեր, թէ Աստուծոյ ծրագիրը ի՛նչ է մեզի համար, սակայն վստահաբար Աստուած իւրաքանչիւրիս վերապահած է յատուկ ծրագիր մը։
Մեծ պահոց վեցերորդ Կիրակիին, որ Գալստեան Կիրակին էր, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Տէրը օր մը պիտի վերադառանայ իբր արդար դատաւոր։ «Եկէք դիմենք Աստուածամօր բարեխօսութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին եւ մեր բոլոր սուրբերուն, որպէսզի մենք ալ անխախտ մնանք մեր հաւատքին մէջ, յոյսով լեցուն, անսահման վստահութեամբ եւ ամբողջական հաւատքով կատարենք տիրոջ կամքը իր փառքին համար» եզրափակեց Առաջնորդ Արբազանը։
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Ան Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց եկեղեցւոյ ննջեցեալ հովիւներուն ու հիմնադիրներուն, բարերարներուն եւ բոլոր սպասաւորներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար։ Հոգեհանգիստ կատարուեցաւ նաեւ, Արցախի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած զինուորներուն հոգիներուն համար։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։
Ուրբաթ երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց հսկումի արարողութեան, որ նուիրուած էր երիտասարդներուն։ Արարողութեան ներկայ էին խումբ մը երիտասարդներ, որոնք մասնակցեցան ու հետեւեցան աղօթքներուն ու շարականներուն։ Օրուան հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան ողջունեց ներկաներն ու յատկապէս երիտասարդները, վեր առնելով Մեծ Պահոց շրջանի հոգեւոր վերակազմակերպման հրամայականը, աղօթքի ու շարականներուն կարեւորութիւնն ու հոգեւոր ազդեցութիւնը մեր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն։ Ան քաջալերեց երիտասարդները, որ շարունակեն մասնակցիլ եկեղեցական արարողական կեանքին, եւ նուիրուիլ աղօթքի, որ յաջողութեամբ լեցուն պայծառ ապագայ ունենան։
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Սան Ֆրանսիսքօ այցելութիւնը նաեւ առիթը ընծայեց հանդիպումներ ունենալու հոգեւոր հովիւին ու ժողովականութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ շրջանի հոգեւոր պետերու հետ։
Ուրբաթ կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազանը պաշտօնական այցելութիւն մը ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Մետրոպոլիտ Երասիմոս Արքեպիսկոպոսի հետ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Կարպիս Պէզճեան, Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի ներկայացուցիչ Տիար Մաթօ Սենեքերիմեան։ Պըրքլիի Աստուածաբանական դպրոցի Յոյն Ուղղափառ Ուսումնական Հիմնարկի տնօրէն՝ Մետրոպոլիտ Նիքիթաս եւ շրջանի հոգեւոր հովիւներ ներկայ եղան հանդիպումին, որուն ընթացքին, արծարծուեցան երկու եկեղեցիներուն յարաբերութիւնները զօրացնելու եւ թեմական մակարդակի գործակցութիւնները զարգացնելու միջոցներու մասին։ Առաջնորդ Սրբազանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Երասիմոս Արքեպիսկոպոսին ճաշի հիւրը եղան, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։
Շաբաթ առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազանը, պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Կաթողիկէ հոգեւոր Առաջնորդ՝ Սալվաթորէ Արք. Քորտիլէօնին հետ, անոր նստավային մէջ։ Սոյն հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ծանօթանալու թեմերու աշխատանքներուն եւ խորհրդակցելու ապագայ գործակցութեան մասին։ Առաջնորդ Սրբազանը աւարտին յուշանուէր մը փոխանցեց Քորտիլէօն Արքեպիսկոպոսին, մաղթելով անոր բեղուն ծառայութիւն։