Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն Ի Վիրապի Տօնին Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 18 Մարտ 2018–ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ժամանեց Սան Ֆրանսիսքօ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ տօնախմբելու համար եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի մուտն ի վիրապի տօնին առթիւ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ մատուցեց եւ տուաւ տօնական օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան ու սարկաւագաց դասը։

Իր պատգամի սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ դարձեալ առիթը կ’ընծայէ եկեղեցւոյ համայնքին հետ տօնակատարելու մեր Հաւատոյ Հօր Մուտն ի Վիրապ յիշատակը։ Ան վեր առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին օրինակելի կեանքին տարբեր երեսներն ու անոնցմէ մեզի հասնող պատգամները, շեշտելով, որ ան Աստուծոյ հանդէպ իր խոր սիրոյն ճամբով՝ Քրիստոսի լոյսը տարածեց մեր ժողովուրդին մէջ։ Լուսաւորիչ Հայրապետը նաեւ սիրով լեցուած էր նմաններուն հանդէպ, եւ Աստուծոյ ու մարդոց նկատմամբ մեծ սիրոյն զօրութեամբ 13 տարի տոկաց Խոր Վիրապի տանջանքներուն ու զրկանքներուն, որպէսզի Քրիստոսի եւ Անոր լոյսին ճշմարտութեան եւ հաղորդութեան բաժնեկից դարձնէ մեր ժողովուրդը։

Անդրադառնալով օրուան աւետարանական ընթերցումին (Մատթ. 22։34էն 23-39), Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ զԱստուած ու մեր նմանը անձին պէս սիրելու պատգամին վրայ, նշելով, որ այս խորհուրդով էր առաջնորդուած նաեւ Լուսաւորիչ Հայրապետը՝ իր կեանքին ու ծառայութիւններուն մէջ։ Ան հաւատացեալները հրաւիրեց աւելի ճանչնալ զԱստուած՝ Իր խօսքին ծանօթանալով ընթերցումներու, սերտողութեանց ու խորհրդածութիւններու ճամբով, ինչպէս նաեւ մեր նմանները սիրելով այնպէս՝ ինչպէս կը սիրենք մեր անձերը։ Պատգամին երկրորդ բաժինը կեդրոնացած էր փարիսեցիներու եւ մաքսաւորներու կեղծաւորութեանց վրայ, որոնցմէ մեկնելով՝ յորդորեց հաւատացեալները կեանքի ու ծառայութեանց մէջ հեռու մնալ կեղծիքէ։

Նկատի ունենալով, որ կը կանգնինք Մեծ Պահքի վեցերորդ շաբթուան սեմին ու կը նշենք երկրորդ գալստեան Կիրակին, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն, որ յիշեն, թէ Քրիստոս պիտի վերադառնայ դատելու կենդանիներն ու մեռեալները։ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին կեանքն ու մեր սրբազան հայրերէն մեզի հասնող պատգամները ուղեցոյց են, թէ պէտք է վարենք աստուածահաճոյ կեանք։ Այս օրուան տօնի խորհուրդն ու Մեծ Պահքի պատգամները թող մեզի համար ըլլան ինքնաքննարկումի եւ հոգեկան վերանորոգումի յորդորներ, վերաքննենք մենք զմեզ ու տեսնենք, թէ արդեօք բարեփոխումի կարիքը ունի՞նք, որպէսզի աւելցնենք մեր հաւատքը, Աստուծոյ ու մեր նմաններուն հանդէպ սէրը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, ու իր խօսքը եզրափակեց անգամ մը եւս շնորահւորելով ծխական համայնքը եւ մաղթելով, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքը բոլորիս համար ըլլայ ներշնչումի աղբիւր ու կեանքի ուղեցոյց։

ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժողովուրդին հետ թափօրով ուղղեցաւ եկեղեցւոյ փակը, ուր կատարուեցաւ ուխտի տօնին յատուկ մատաղի օրհնութիւնը. հոգեպարար արարողութիւնը եզրափակուեցաւ «Կիլիկիա»ով եւ «Մեր Հայրնիք» քայլերգով։

Հոգաբարձութիւնը եկեղեցւոյ «Վասպուրական» սրահին մէջ կազմակերպած էր հիւրասիրութիւն. ժողովուրդը առիթ ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ զրուցելու եւ ողջունելու այցելութիւնը։ Հետեւեցաւ գաղութի միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը՝ սիրոյ սեղանի շուրջ։ Ներկայ էին ազգային երեսփոխաններ եւ նորընտիր հոգաբարձութեան անդամներ, Տիկնանց միութեան անդամներ, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարանի Տնօրէնուհին՝ Տիկ. Կրէյս Անտոնեան եւ Ուսումնական Մարմինի ատենապետը, Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութեանց ներկայացուցիչներ, Հ.
buy synthroid online pavg.net/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/synthroid.html no prescription

Մ.Ը.Մ-ի եւ ՀՕՄ-ի վարչութեանց անդամներ, «Խաչի Յանձնախումբ»ի ներկայացուցիչը, բարերարներ եւ բարեկամներ։

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան. ան ողջունեց Սրբազան Հօր այցելութիւնն ու գաղութի մարմիններու ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայութեամբ՝ ժողովուրդը ոգեւորուած ներկայ գտնուեցաւ Ս. Պատարագին եւ մատաղի օրհնութեան, յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային աւելի յաճախակի կը վայելենք Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայութիւնը։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ Հոգեւոր Հովիւը, որ սիրոյ սեղանը գեղեցիկ պատկեր մը նկատեց, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հօր շուրջ հաւաքուած են գաղութիս բոլոր մարմինները, որոնցմէ շատեր հեռաւոր Սանթա Քլարայէն հասած էին։ Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, մտերմիկ զրոյցի ճամբով արծարծուեցան գաղութը յուզող հարցեր եւ մարտահրաւէրներ, տարուած աշխատանքներ եւ մասնաւորաբար այս տարուան մեծ տօնախմբութեան՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի յոբելենական հանդիսութեանց առնչուած ծրագիրները։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց միութիւններուն աշխատանքները։ Ան լուսաբանութիւն տուաւ Թեմին ընդհանուր ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ՝ նորութիւններուն մասին, շնորհաւորեց նորընտիր հոգաբարձութեան կազմը, յոյս յայտնելով, որ Սան Ֆրանսիսքոյի եւ ծովածոցի միութիւնները իրենց անսակարկ ծառայութեամբ նոր իրագործումներ ձեռք պիտի ձգեն ի սպաս Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ գաղութին, վերջապէս՝ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, վստահեցնելով իր հայրական աջակցութիւնը բոլորին հանդէպ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022