Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութիւնը, ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցաւ երեք օրերու վրայ, Հոգեւոր Հովիւին, Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան եւ Երեսփոխանական կազմի անդամ-անդամուհիներու, առաւել նաեւ կամաւոր ծառայող կանանց եւ ազգայիններու աշխատանքով։
Ուրբաթ, 3 Փետրուար 2012, առաւօտեան ժամը 10։30ին, եկեղեցւոյ դասին մէջ, Տիկնանց Միութեան եւ ուխտաւորներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ աղի օրհնութեան արարողութիւնը, որմէ ետք Տիկիններ մատաղի պատրաստութեան գործին լծուեցան։
Շաբաթ, 4 Փետրուարի առաւօտեան, տօնական մթնոլորտի մէջ, մատաղի կաթսաները զետեղուած էին կրակարաններու վրայ եւ կամաւոր աշխատողները գործի անցած էին մատաղի ճիտապուրի պատրաստութեան համար։
Կիրակի, 5 Փետրուարի առաօտեան ժամը 9։30-ին, Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պապօշեանի Տէրունական աղօթքով սկսաւ ժամերգութիւնը։ Ժամը 10-ին ժամանեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը դիմաւորեց զինք ու եկեղեցի առաջնորդեց։ Ժամը 10։30-ին, »Հրաշափառ« շարականին երգեցողութեամբ, թափօրը, պատարագիչ Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ, հասաւ դաս, ուր կատարուեցաւ լուացման արարողութիւնը, որմէ ետք սկսաւ եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ Պատարագը։ Սուրբ սեղանին կը սպասարկէին եկեղցեւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Տ. Խորէն Քհնյ. Պապօշեան եւ սարկաւագներ։
Ս. եւ Անմահ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Դպրաց դասի անդամ-անդամուհիները, ղեկավարութեամբ երաժշտագէտ խմբավար Պրն. Սամուէլ Վարոսեանի։
Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը »Հայր Մեր«էն առաջ տուաւ իր պատգամը։ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ գնահատեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Հոգաբարձութիւնը, Երեսփոխանական կազմը, Տիկնանց Միութիւնը, Դպրաց դասի անդամները, Սարկաւագներն ու դպիրները, յարակից մարմինները եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ ողջունեց ներկայութիւնը եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Տէր եւ Տիկ. Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններուն ու իրենց հարազատներուն։
Սրբազան Հայրը, Ս. Սարգիս Զօրավարի կեանքին մասին խօսելով՝ ըսաւ.
»Ս. Սարգիս եւ իր որդին՝ Մարտիոս ու 14 նահատակները դարերու ընթացքին եղան բարեխօս մեր կեանքին: Քրիստոսի հետեւորդներ մնացին եւ նահատակուեցան, եւ մեր հայրերը իբրեւ ժառանգորդներ մեր մեծ սուրբերուն, այնքան ատեն որ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ աւազանէն վերածնան, մնացին հաւատարիմ իրենց կրօնին: Ս. Սարգիսի համար ամէնէն »համով սնունդ«ը եղան Քրիստոսի խօսքերը: Իսկ եթէ երբեք կþուզենք ճշմարիտ ճանապարհով կեանքի հացին սնունդով ապրիլ, պէտք է երեք երեւոյթներէ հեռու մնանք.
»Առաջին՝ ինչպէս որ մեր նախահօր անհնազանդութեան մեղքով դատապարտուեցանք, բայց Քրիստոսի Եկեղեցւոյ մէջ դարձեալ վերածնանք մկրտուելով, հետեւաբար, պէտք է ուշադիր ըլլանք ամէն տեսակի հպարտութենէ, որ մեզ մեղքի կþառաջնորդէ: Ապաւինինք Աստուծոյ կամքին, այս երկրաւոր կեանքի տեւողութեան երբեք դատաւորներ չըլլանք մեր նմաններուն, այլ հաւատանք Արդար Դատաւորին՝ մեր Տիրոջ, որ Իր երկրորդ գալուստին արդար հատուցում պիտի տայ մեր կեանքին համաձայն:
Երկրորդ, կեանքի փորձութիւններուն դիմաց յաճախ անյուսութեան կը մատնուին. այդ ալ մեր հաւատքի կեանքին թշնամին է: Սուրբերը երբեք չտկարացան իրենց դիմագրաւած ծանր փորձութիւններուն դիմաց, եւ երբեք չշլացան իրենց պատիւներով եւ դիրքերով, այլ հաւատարիմ մնացին իրենց հաւատքին եւ խոստովանութեան: Քրիստոսի աշակերտներն ալ փորձութիւններու ենթարկուեցան, բայց երբ Քրիստոսի ներկայութիւնը զգացին եւ լսեցին Իր ձայնը որ կþըսէր. »Ես եմ, մի՛ վախնաք«, այն ատեն անյուսութեան փորձութիւնը յաղթահարելով՝ դարձան մեծ քարոզիչներ: Մենք ալ դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուինք, բայց զգո՛յշ, երբեք չթուլնանք, այնքան ատեն որ Քրիստոսի ներկայութիւնը կþապրինք մեր կեանքին մէջ:
»Վերջապէս, երրորդ, զգո՛յշ ըլլանք, որովհետեւ մեր փրկութեան թշնամին մեր ամենօրեայ կեանքին մէջն է, մեզի ամէն տեսակի տարբեր ուղղութիւններ կու տայ: Ս. Սարգիս անվեհեր մնաց, աշխարհի համար խաչուեցաւ, սակայն խաչով պսակուեցաւ, եւ փրկութեան խոստումը առաւ ա՛յն ատեն, երբ պիտի նահատակուէր. ան իր հոգիի աչքերով տեսաւ Տէրը եւ լսեց Անոր ձայնը, որ կþըսէր. »Եկո՛ւր, Տիրոջ օրհնեալը, պատրաստուէ, որովհետեւ պիտի ժառանգես քեզի համար պատրաստուած երկնքի արքայութիւնը«:
Այս մտածումներով եւ խորհուրդներով է որ կþապրինք եւ կը զգանք մեր այս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, եւ բոլորիդ անունով կը դիմեմ սուրբերուն բարեխօսութեան, որպէսզի բարեխօս ըլլան մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի մօտ, իւրաքանչիւրիս հոգիներէն բարի խնդրանքներ դուրս բերէ, մեր նմաններուն հետ ազնուութեամբ ապրելու, գործելու եւ գործակցելու համար։ Այս աշխարհի չար իշխանին ճիրաններուն մէջ գերի չդառնանք, այլ արդարութեամբ եւ ճշմարտութեամբ, հաւատքով եւ սիրով ապրելով՝ ճշմարիտ խոստովանող դառնանք Աստուծոյ: Այն ատեն Աստուած կþօրհնէ մեզ եւ մեր ուխտերը կը կատարէ. այս հոգին թող ըլլայ մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն կեանքին հոգեւոր ուղղեւորութեան ճանապարհը, որպէսզի բոլորը բարին խորհելով, խօսելով, գործելով՝ իրենց կեանքը առաջնորդեն, մնալով արժանաւոր զաւակները Աստուծոյ եւ մեր Եկեղեցւոյ«։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամէն ետք,»Հայր Մեր«ի երգեցողութեամբ շարունակուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագը։ Տեղի ունեցաւ հաւաքական խոստովանանք, ապա ներկայ հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան։
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուող եկեղեցւոյ սպասաւորներու, ինչպէս անդրանիկ Հոգեւոր Հովիւ՝ հոգելոյս Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Անդրէասեանի, Հոգաբարձութեան, Երեսփոխանական Կազմի, Տիկնանց Միութեան եւ յարակից մարմիններու ննջեցեալ անդամներու ու անդամուհիներու։
Պատարագի աւարտին, պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը »Ուրախ լեր« շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ գաւիթը, ուր դպրաց դասի եւ ներկայ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ երգուեցաւ »Կիլիկիա« երգը եւ »Ի վեհ բարձանց« Հայրապետական մաղթերգը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պահպանիչով՝ պատարագը իր աւարտին հասաւ ու ներկայ հաւատացեալներ օրհնուած մատաղ առնելով, մեկնեցան Ս. Սարգիս Եկեղեցիէն։
Իսկ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ պատրաստուած Սիրոյ Ճաշին, »Անտոն Անտոնեան« Սրահին մէջ, ներկայ գտնուեցան պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը, հովանաւորները եւ նուիրատուները։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը. խօսք առին գլխաւոր բարերարը, հոգաբարձութեան ատենապետը, Թեմի կեանքին ծառայող յարգելի ազգայիններ, իսկ աւարտին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհակալական եւ գնահատական խօսքերէն ետք, պահպանիչով իր աւարտին հասաւ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան եռօրեայ տօնախմբութիւնը։
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ