Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնախմբութիւն


Ս. Սարգիսի տօնին եւ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 24 Յունուար 2016ին Ս. Պատարագ մատուցեց, սուրբին կեանքն ու մարտիրոսութիւնը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան:

Իր պատգամին սկիզբը, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց երկու երիտասարդ միաբանները, որոնք ի մօտոյ պիտի ուղղուին իրենց ծառայութեան շրջանները, Ֆրեզնօ եւ Սան Ֆրանսիսքօ: Ան ողջոյնի խօսք ուղղեց ծխական համայնքի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Տիկին Թերէզ Քեմանճեանին, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլին եւ ընտանիքի անդամներուն, եկեղեցւոյ սրահի բարերար Անտոնեան ընտանիքին ու ներկայ հաւատացեալներուն, զանոնք շնորհաւորելով այս տօնական օրուան առիթով:

Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ Ս. Սարգիսի, անոր որդւոյն՝ Մարտիրոսի եւ 14 զինակիցներուն մասին, որոնք նախընտրեցին նահատակուիլ, քան թէ հրաժարիլ քրիստոնէական հաւատքէն: Պատմութիւնը կը վկայէ, որ Ս. Սարգիս հեղինակաւոր զօրավար մըն էր իր օրերուն, սակայն նաեւ հզօր հաւատացեալ մը քրիստոնէութեան, հաւատարիմ՝ Տիրոջ: Ան անվախօրէն ու գիտակցաբար մահուան դիմեց, տեղի չտուաւ սպառնալիքներու առջեւ, դարձաւ նահատակ եւ այսօր կը մնայ ամէնէն սիրուած սուրբերէն մէկը: Ան կը մնայ հաւատքի ու ծառայութեան տիպար օրինակ մը, հաւատացեալներուս համար ներշնչումի աղբիւր, որուն բարեխօսութեան կը դիմենք մեր աղօթքներով: Շնորհալի Հայրապետի շարականին բառերով, Ս. Սարգիս խնդրակատար բարեխօս է մեր Փրկչին մօտ, իբրեւ խնդրանքներ կատարող, աղօթքներ լսող, չարը հալածող եւ նեղութեան մէջ ինկածներու վիշտերը մեղմացնող սուրբ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութեան պահուն, յատուկ յիշատակութեան արժանացան եկեղեցւոյ առաջին հովիւը՝ Տ. Սարգիս Քհնյ. Անդրէասեան, Կիտցինեան բարերար ընտանիքին ծնողները, հոգաբարձութեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Տիկնանց Միութեան անդամներ եւ այլ ծառայողներ: Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը: Աւարտին, ան ներկայ հաւատացեալները օրհնեց այն ճաճանչաւոր խաչով, որ կը պարունակէ մեր նահատակներուն մասունքները:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան ծխական համայնքին անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ այս տօնին առիթով ամէն տարի կը պատուէ այս շրջանը: Արարողութիւնը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան աղօթքով եւ «Կիլիկիա»ի ու Հայրապետական Մաղթանքի երգեցողութեամբ:

Այնուհետեւ, ներկաները անցան «Անտոնեան» սրահ, ուր Տիկնանց Միութիւնը կազմակերպած էր աւանդական հիւրասիրութիւն, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին: Սրտի խօսքեր արտասանեցին հոգեւոր հովիւն ու երկու միաբան հայրերը, ինչպէս նաեւ Կիտցինեան ընտանիքի անդամներ: Տէր եւ Տիկին Սարգիս Կիտցինեանի թոռնիկը՝ Լոռի, գեղեցիկ անակնկալ մը հրամցուց ներկաներուն՝ արտասանելով Ս. Վարդանանցի նուիրուած ոտանաւոր մը:

Ճաշկերոյթին փակման խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան գնահատեց եկեղեցւոյ ու գաղութիւն նուիրեալ ծառայողները, մասնաւորաբար Տիկնանց Միութիւնը, որ նուիրումով կատարած էր մատաղի պատրաստութիւնը, եւ յորդորեց այս առաքելութիւնը շարունակել սիրով, հաւատքով, համեստութեամբ եւ բարութեամբ։

Յայտնենք, որ Ս. Սարգիսի տօնը շրջանին մէջ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծած էր ամբողջ շաբաթավերջին. արդարեւ, Ուրբաթ օր սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը՝ աղի օրհնութեամբ, իսկ Շաբաթ երեկոյ տեղի ունեցաւ Հսկումի արարողութիւնը: Ս. Պատարագէն եւ ճաշկերոյթէն ետք, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական համայնքը տօնական մթնոլորտը լիութեան հասցուց եւ օրուան խորհուրդով տոգորուած՝ վերադարձաւ տուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022