Կլենտէյլի Մէջ «Արցախ» Փողոցի Անուանում

Նախաձեռնութեամբ Կլենտէյլի քաղաքապետութեան, Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային արարողութիւն մը, որուն ընթացքին, Մէրիլէնտ փողոցին մէկ հատուածը՝ Հարվըրտի եւ Ուիլսընի միջեւ, կոչուեցաւ Արցախ անունով։

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Արժ.
buy vibramycin online www.parkviewortho.com/wp-content/languages/new/prescription/vibramycin.html no prescription

Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան ներկայ եղաւ արարողութեան ու քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, կատարեց բացման աղօթքը։ Խօսք առին քաղաքապետը, Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպէրթ Աւետիսեան եւ քաղաքապետութեան անդամներ։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ փողոցի նոր անունը կրող ցուցատախտակին քողազերծումը։

Քաղաքապետութիւնը մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր օրակարգի վրայ ունէր քաղաքին մէկ փողոցը Արցախին նուիրելու ծրագիրը. յետ քուէարկութեան, յարմարագոյն վայր նկատուած է յիշեալ հատուածը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022