Ազգային Թաղում՝ Վաստակաւոր Ազգային Գործիչ Խաժակ Սարգիսեանի

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, խոր ցաւով կը գուժեն Թեմի նուիրեալ, Ազգային Վարչութեան նախկին Կազմի անդամ եւ վաստակաշատ ազգային գործիչ Խաժակ Սարգիսեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2019-ին Նափայի մէջ, (ՔալիՖորնիա)։

Խաժակ Սարգիսեան շուրջ վեց տասնամեակներու վրայ երկարող ծառայական հարուստ վաստակ ունի իբրեւ ազգային գործիչ, յատկապէս Սան Ֆրանսիսքոյի մեր գաղութի կեանքի կազմաւորման մէջ։ Ան հիմնադիրներէն եւ ապա տնօրէնը եղած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանին. հիմնադիրներէն եղած է նաեւ Ազգ. Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական վարժարանին եւ Հայ Դատի Յանձնախումբին, պետական, Նահանգային եւ տեղական մակարդակներու վրայ ամբողջ կեանքը նուիրելով հայ ժողովուրդի դարաւոր իրաւունքներուն վերատիրացաման աշխատանքներուն, Հայաստանի ու Արցախի բարգաւաճման եւ Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութեանց հզօրացման ու հայապահպանման առաքելութեան։

Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի տիկնոջ՝ Հիլտիին, զաւակներուն Արամին եւ Սեւակին ու ընտանիքներուն ու թոռներուն, եղբօր Ժիրայրին եւ ընտանիքին, ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն։

Յուղարկաւորութեան եւ ազգային թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբերին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022