Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան Խաղերու Փակման Հանդիսութիւն


Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Պըրմինկհէմ Հայ Սքուլի համալիրին մէջ տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 39րդ Նաւասարդեան մարզախաղերն ու փառատօնը։

Շաբաթ, 5 Յուլիսին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ մարզախաղերու փակման հանդիսութեան ու տողանցքին եւ փոխանցեց իր պատգամն ու օրհնութիւնները։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան։

Ողջունելէ ետք ներկաները եւ վեր առնելով Նաւասարդեան խաղերու դրական ներդրումը Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեանքին ու նոր սերունդի կազմաւորման մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ “Նաւասարդեան մարզախաղերը մեր սրտերը յատուկ ոգեւորութեամբ կը համակեն, յատուկ խանդավառութիւն բերելով բոլորիս։ Իր նշանաբանին հաւատարիմ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը լոկ մարզական առաքելութեամբ չէ որ կը ծառայէ իրերայաջորդ սերունդներուն, այլ իր դարաւոր առաքելութեամբ, Քրիսեաններու ու Հինդլեաններու շունչով թրծուած, հայրենաշէն ոգի կը ջամբէ, ազգային նկարագիր կը կերտէ ու այս տօնախմբութիւններու ճամբով, անցեալն ու ներկան կը կամրջէ”։

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ կը կանգնի Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին. “Յաջորդ տարի, աշխարհասփիւռ համայն հայութիւնը պիտի ոգեկոչէ մեր միլիոնաւոր նահատակներու յիշատակը եւ անգամ մը եւս, ամէնէն հնչեղ կերպով պիտի բարձրացնէ մեր պահանջատիրութեան ձայնը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 39րդ մարզախաղերը որքա՜ն խորհուրդ կը պարփակեն իրենց մէջ, որքա՜ն ուժ կը ներշնչեն մեզի, ու վերջապէս, ինչպիսի՛ ուժգին պատասխան են ցեղասպան թուրքին”, յայտարարեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ շեշտեց, որ “Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեր նկարագրին իսկական ծնունդն է, անոր խրոխտ ու արի շարքերը, Ցեղասպանութենէն վերստին յառնող մեր ժողովուրդին նման, հայրենի հողէն հեռաւոր այս ափերուն վրայ, իրենց տողանցքով՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿ կը շեփորեն, մեր ազգի գոյատեւումը կը պանծացնեն, ազգային մեր պահանջատիրութեան դրօշը կը պարզեն, մեր ազգի աննկուն ոգին ու անոր ամուր կամքը կը յայտարարեն”։

Ան բարձր գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչական եւ այլ պատասխանատուներուն նուիրեալ ծառայութիւնը, եւ յիշեցնելով՝ որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2014-ը հռչակած է “Տարեցներու Տարի”, ընդգծեց, որ Հ.
buy acyclovir online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/acyclovir.html no prescription

Մ.Ը.Մի երէց սերունդն ալ իր ուխտը կը փոխանցէ նորահաս սերունդին: Վերջապէս, ան գնահատանքով եւ շնորհաւորական խօսքերով արտայայտուեցաւ մարզախաղերուն այս տարուան պատուոյ նախագահ Տէր եւ Տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեան ամոլին ու տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայր Համլէթ Չրախճեանի մասին, եւ իր խօսքը եզրափակեց օրհնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքն ու անոր շուրջ բոլորուած մեր ժողովուրդը:

Նշենք, որ Հինգշաբթի, 3 Յուլիսին, Առաջնորդ Սրբազանը այցելութիւններ տուած էր կրպակները ու գնահատանքով արտայայտուած տարուող աշխատանքին մասին։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022