Նստած, ձախէն աջ՝ Տիար Անդրանիկ Գասպարեան, Տիար Վահէ Յովակիմեան, Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան
Ոտքի, ձախէն աջ՝ Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, Տօքթ. Նաւասարդ Գազազեան, Տիկին Թերէզ Քեմանճեան, Տիար Վահրիճ Փիլաւճեան, Իրաւ. Ալիսա Քոնանեան, Մարք Սարկաւագ Շիրին, Տիար Ներսէս Դշոյեան
Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 42րդ նստաշրջանին (16 եւ 17 Մայիս, 2014) ընտրուած Ազգային Վարչութիւնը Հինգշաբթի, 12 Յունիս, 2014ին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ գումարեց իր անդրանիկ նիստը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ ներկայութեամբ Կեդրոնական եւ Շրջանաւարտ Ազգային Վարչութեանց անդամներու, ու ընտրեց իր դիւանը հետեւեալ կազմով.-
Տիար Վահէ Յովակիմեան – Ատենապետ
Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան – Փոխ-Ատենապետ
Տիար Անդրանիկ Գասպարեան – Ատենադպիր
Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան – Գանձապահ
Տօքթ. Նաւասարդ Գազազեան – Խորհրդական
Տիար Վահրիճ Փիլաւճեան – Խորհրդական
Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան – Խորհրդական
Մարք Աւ. Սրկ. Շիրին – Խորհրդական
Տիկին Թերէզ Քեմանճեան – Խորհրդական
Իրաւ. Ալիսա Քոնանեան – Խորհրդական
Տիար Ներսէս Դշոյեան – Խորհրդական
Նախքան Դիւանի ընտրութիւնը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան եւ շրջանաւարտ Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան շնորհակալութեան խօսք փոխանցեցին ընթացաւարտ Վարչութեան, եւ շնորհաւորութեան, յաջողութեան, արդիւնաւոր ու համերաշխ գործունէութեան լաւագոյն մաղթանքներ՝ նորընտիր Վարչութեան։