Կլենտէյլի «Memorial» Հիւանդանոցի Նոր Նախագահ Ճիլ Ուելթըն Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի «Memorial» հիւանդանոցի նոր նշանակեալ նախագահ Տիկին Ճիլ Ուելթընի, որուն կ’ընկերանային հիւանդանոցի պատասխանատուներէն Տիկին Մէրի Ֆիլիփեան եւ հոգեւոր խորհրդատու Քէսի Մըքարթի։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց յարգելի հիւրերը, շնորհաւորեց նոր նշանակեալ տնօրէնուհին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ու գործակիցներուն մարդասիրական առաքելութեան։ Հիւրերուն փափաքով, Առաջնորդ Սրբազանը ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ մեր Եկեղեցւոյ ու մասնաւորաբար Ազգային Առաջնորդարանիս պատմութեան մասին։

Տիկ. Ուելթըն շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, նաեւ երախտագիտութիւն՝ հիւանդանոցին հետ Ազգ. Առաջնորդարանին սերտ գործակցութեան համար։ Հանդիպման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց հիւրերուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022