Արեւմտեան Թեմի Նորընտիր Կրօնական Ժողովի Դիւանի Ընտրութիւն

Նստած, ձախէն աջ՝ Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան

Ոտքի, ձախէն աջ՝ Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան, Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, Տ. Ռազմիկ Քհնյ.Խաչատուրեան


Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 42րդ նստաշրջանին (16 եւ 17 Մայիս, 2014) ընտրուած Կրօնական Ժողովը, Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ՝ Երեքշաբթի, 27 Մայիսին գումարած իր անդրանիկ նիստին, ընտրեց իր դիւանը հետեւեալ կազմով.
buy zoloft online https://medstaff.englewoodhealth.org/wp-content/languages/new/zoloft.html no prescription

Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան       Ատենապետ
Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան          Փոխ Ատենապետ
Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան        Ատենադպիր
Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան           Խորհրդական
Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան    Խորհրդական
Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան             Խորհրդական
Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան             Խորհրդական

Նորընտիր Կրօնական Ժողովը իր նիստի ընթացքին հանգամանօրէն անդրադարձաւ Երեսփոխանական Ժողովէն բխած հարցերուն, թելադրութիւններուն ու առաջարկներուն։

Նշենք նաեւ, թէ յետ նորընտիր Ազգային Վարչութեան անդրանիկ նիստին ու դիւանի ընտրութեան, պիտի գումարուի Թեմիս առաջին խառն ժողովը, որուն ընթացքին՝ Երեսփոխանական Ժողովէն բխած հարցերուն առնչութեամբ աշխատանքային ծրագիր պիտի մշակուի։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022