Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան սեմին, Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2019-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ տօնական երեկոյ մը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի Աստուածաշունչի սերտողութեամբ։ Ան ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ Ամանորի ու Ս. Ծննդեան զոյգ տօներու մասին եւ անոնց ետին կանգնող բուն խորհուրդին՝ մարդկութեան բերած Աստուածորդիին աւետիսին։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ այս տօնական մթնոլորտը առիթ է վերանորոգման, նոր էջ բանալու եւ հաշտուելու նախ մեր անձին, Աստուծոյ եւ ապա մեր նմանին հետ։
Ապա, Համազգայինի Կլենտէյլի մասնաճիւղի «Արփա» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Տիար Էլիպս Մասեհեանի, ներկայացուց Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան նուիրուած համերգ մը։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը։ Ան գնահատեց յայտագիրի բոլոր մասնակիցները, ապա, խօսելով Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան մասին, նշեց, որ իւրաքանչիւր տօնախմբութիւն մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ո՛չ միայն ոգեկոչման առիթ պէտք է ըլլայ, այլ զԱստուած փառաբանելու, Անոր լոյսով լուսաւորուելու, խաղաղութեամբ ու զեղուն սիրով վերանորոգուելու եւ Իր Ս. Ծննդեան պարգեւն ու երկնային ողորմութիւնը վերապրելու։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց սրտագին բարեմաղթութիւններ փոխանցելով հաւատաւոր ժողովուրդին։
Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ տօնածառի եւ մսուրի լուսաւորումը, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ապա հիւրասիրութիւն՝ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ։