Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Համերգներ-Տօնախմբութիւններ՝ Թեմիս Եկեղեցիներէն Ներս

Քանի մը շաբաթէն պիտի դիմաւորենք 2020 Նոր Տարին եւ պիտի տօնախմբենք մեր տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, մինչ տօնական օրերու խայտանքով եւ ուրախութեամբ կը լեցուին Ազգային Առաջնորդարանն ու յարակից ծուխերը։

Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի պիտի ունենայ տօնական երեկոյ մը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։

Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի կատարէ Աստուածաշունչի սերտողութիւն, որմէ ետք Համազգայինի Կլենտէյլի մասնաճիւղի »Արփա« երգչախումբը, խմբավարութեամբ Տիար Էլիպս Մասեհեանի, պիտի ներկայացնէ տօնական համերգ մը։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի փոխանցէ իր օրհնութեան խօսքը։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի պիտի ունենայ տօնածառի լուսաւորում, ապա հիւրասիրութիւն՝ »Արմենակ Տէր Պետրոսեան« սրահին մէջ։

Իսկ Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած երրորդ տարեկան հոգեւոր համերգը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ելոյթ պիտի ունենայ եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը, խմբավարութեամբ դպրապետ Բարշ. Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի, որոնք պիտի ներկայացնեն Ս. Ծննդեան շարականներ ու երգեր։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022