Քանի մը օրեր ետք, Նոր Տարին պիտի դիմաւորենք եւ պիտի նշենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը։ Տօնական արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ժամանակացոյցով։
Չորեքշաբթի, 1 Յունուարին, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Առաւօտեան ժամերգութիւն, որպէսզի մեր հաւատացեալները Նոր Տարին աղօթքով սկսին եւ իրարու բարի մաղթանքներ փոխանակեն։
2020 թուականին, Ճրագալոյցը կը զուգադիպի Կիրակի օրուան։ Նկատի ունենալով, որ մեր եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն, նոյն օրը, նոյն խորանին վրայ երկու անգամ Ս. Պատարագ չի մատուցուիր, հետեւաբար, Կիրակի, 5 Յունուարի առաւօտուն, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ ժամերգութիւն պիտի կատարուի, հոգեւոր հովիւները օրուան հոգեւոր պատգամը պիտի փոխանցեն եւ աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի։ Իսկ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի երեկոյեան, որուն աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդին պիտի տրուի Ս. Ծննդեան աւետիսը։ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Առաջնորդական փոխանորդը՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։
Երկուշաբթի, 6 Յունուարին, Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը պիտի նշուի Ս. Պատարագով եւ ջրօրհնէքով։ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը պիտի կատարէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Առաջնորդական փոխանորդը՝ Հոլիտուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Երեքշաբթի, 7 Յունուարին, Մեռելոցին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հոլիվուտ Հիլզի «Forest Lawn» գերեզմանատան «Hall of Liberty» սրահին եւ Կլենտէյլի «Forest Lawn» գերեզմանատան «Church of the Recessional» եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին։
Ս. Ծննդեան առիթով յատուկ արարողութիւններ պիտի կատարուին նաեւ Արարատ Տան մէջ, Հինգշաբթի, 2 Յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, եւ Կլենտէյլի «Memorial» հիւանդանոցին մէջ՝ Ուրբաթ, 3 Յունուարին, կէսօրին ժամը 12:00-ին։