Աւետարանական Համայնքի Ներկայացուցիչներ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Շնորհաւորանքի Այց մը Տուին


Միջ-յարանուանական յարաբերութեանց տարիներու քաղցր սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս, Ուրբաթ, 9 Յունուար 2015ի յետմիջօրէին, Հայ Աւետարանական համայնքի եւ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը շնորհաւորելու համար ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:

Վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան, յանուն ներկաներուն, շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, մաղթելով առեւշատութիւն եւ Եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան մէջ յարաճուն վերելք:

Յարանուանութեանց հաւատացեալներու հոգեւոր ծարաւը յագեցնելու, նաեւ դիւրութիւններ մատուցելու միջոցներուն մասին խօսելէ ետք, խորհրդակցութեան նիւթ եղան սուրիահայ գաղութի եւ եկեղեցիներուն հասած վնասները: Այս տարուան ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասման ու հարիւրամեակի ծիրին մէջ տեղի ունենալիք ծրագիրներուն ու հանդիսութիւններուն ակնարկելով, Առաջնորդ Սրբազանը լուսաբանութիւններ տուաւ սրբադասման գործընթացին ու Թեմէն ներս նախատեսուած կարգ մը աշխատանքներու մասին:

Միջ-յարանուանական յարաբերութիւններու առաւել ծաւալման եւ սերտացման ի խնդիր, Առաջնորդ Սրբազանը ընդառաջեց հաւաքական միօրեայ հանդիպումի մը կազմակերպման առաջարկին:

Առաջնորդ Սրբազանը իր հերթին շնորհաւորեց Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչները, բարձր գնահատելով անոնց այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան, վստահեցնելով իր մասնակցութիւնը համայնքի կազմակերպած հանդիսութեանց, ու փոխադարձաբար հրաւիրելով հիւրերը մասնակցելու հարիւրամեակի հանդիսութիւններուն:

Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց այցելուներուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022