Չորեքշաբթի, 26 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգ. Առաջնորդարանի »Սիւլահեան« դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր Շրջանային Վարչութեան կազմին, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Տիկին Լենա Պօզոյեանի։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկին Ռիմա Պօղոսեան եւ անդամներ՝ Տիար Թորոս Քէչէճեան ու Տիկին Անի Մկրտիչեան Գարիքեան։
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հիւր ՀՕՄականները եւ շնորհաւորեց նորընտիր կազմը, յաջողութիւն մաղթելով անոր աշխատանքներուն։ Իր կարգին Տիկին Ռիմա Պօղոսեան հարազատօրէն շնորհաւորեց նոր կազմը ու բեղուն գործունէութան յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեց։
Հանդիպումին, հիւր վարչականները ընդհանուր գիծերու մէջ Առաջնորդ Սրբազանին ներկայացուցին իրենց ծրագիրները, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներով, այլ կþընդգրկեն նաեւ Հայաստանը, Արցախն ու Ջաւախքը: Հ.Օ.Մ.-ի նորընտիր Շրջ. Վարչութիւնը վերանորոգ յանձնառութեամբ պատրաստակամութիւն յայտնեց դիմագրաւելու մեր գաղութի ընտանեկան եւ բարոյական մարտահրաւէրները, որոնք օր ըստ օրէ զգալի կը դառնան մեր գաղութին մէջ, ինչպէս նաեւ մեր նոր սերունդի հայեցի եւ հոգեւոր դաստիարակութիւնը:
Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց ՀՕՄի ժողովրդանուէր ու հայրենաշէն ծառայութիւնները, եւ իր կարգին ընդառաջեց ՀՕՄի մարտահրաւէրներուն, Ազգային Առաջնորդարանի ամբողջական զօրակցութիւնը տալով, ապա նաեւ հիւր վարչականներուն ծանօթութիւններ տուաւ Ազգ. Առաջնորդարանի աշխատանքներուն մասին։
Խորհրդակցութեան նիւթ եղան նաեւ ՀՕՄի ու Ազգ. Առաջնորդարանի միջեւ համագործակցութիւնը աշխուժացնելու, որպէսզի կարենան իրականացնել զանազան նպատակներ։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց այս պատրաստակամութիւնը, ընդգծելով, որ մեր ազգային կեանքի յառաջդիմութիւնը արդիւնք է հաւաքական ու միակամ աշխատանքի: