Լուրեր Ազգային Առաջնորդարանէն

Ա. Կիրակի, 22 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-ընթրիք, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանը ներկայացուց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, որ յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորեց Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչները եւ քաջալերեց տարուած աշխատանքն ու ձեռք բերուած արդիւնքները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ապագայ ծրագիրներուն:

Բ. Երեքշաբթի, 24 Օգոստոս 2021-ի յետմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց Դաւթեան-Մարիամեան կրթական հաստատութեան ատենապետ Վահիկ Սաթուրեանը, որ եկած էր Սրբազան Հօր զեկուցելու իրենց գործունէութեան մասին: Այս առիթով Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Դաւթեան-Մարիամեան կրթական հաստատութեան ընդլայնուած աշխատանքը մեր գաղութի կեանքէն ներս, մասնաւորաբար հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան գծով։ Հանդիպման աւարտին Թորգոմ Եպիսկոպոս իր ամբողջական զօրակցութիւնն ու օրհնութիւնը յայտնեց հաստատութեան ծրագիրներու յաջողութեան համար:

Գ. Երեքշաբթի, 24 Օգոստոս 2021-ի յետմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ նաեւ ընդունեց Րաֆֆի Ռումանահայ Հայրենակցական եւ Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչները, որոնք Սրբազան Հօր փոխանցեցին իրենց գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ եւ խնդրամատոյց եղան Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ պաշտօնապէս այցելէ իրենց կեդրոնը: Անոնք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Հօր եւ Ազգ. Առաջնորդարանին, իրենց մնայուն եւ օգտաշատ զօրակցութեան համար: Հանդիպման ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ՝ ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, փոխ-ատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ գանձապահ Դոկտ· Գալուստ Ակոբեան:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022