Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ 10-Ամեակի Տօնախմբութիւնը

Ուրբաթ, 3 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Պըրպէնքի «Արպաթ» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ 10-ամեակի տօնախմբութիւնը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, հոգեւոր հայրեր, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան, ծխական համայնքի ժողովականութեան անդամներ, շրջանի Հ.Յ.Դ. «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէութեան եւ ՀՕՄ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ հանդիսավար՝ Բարշ. Պաղտիկ Սրկ. Էքմէքճեանի ողջոյնի խօսքով, որ գոհունակութիւն յայտենց թէ ծուխը արդէն իսկ թեւակոխած է իր տասնամեակը շնորհիւ բոլոր անդամներուն նուիրեալ ծառայութեան։

Քայլերգներու երգեցողութենէն ու սեղաններու օրհնութենէն ետք, յանուն Հոգաբարձութեան, ատենապետուհի Տիկին Սեդա Դարբինեան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ ծուխի հիմնադրման, որ իրագործուած էր նախաձեռնութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական ժողովին եւ Ազգ. Վարչութեան, ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք որոշիչ դեր ունեցան նախորդ տասը տարիներու ընթացքին ծուխին յառաջընթացին մէջ։

Այս առթիւ, յանուն Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամներ՝ Փօլ Գորէթցի եւ Փօլ Գրիգորեանի, Կրէկ Մարթայեան եւ Սահակ Ետալեան գնահատագիրներ յանձնեցին Հոգաբարձութեան։

Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց բոլորին նուիրեալ ծառայութեան համար, շեշտելով միասնական ծառայութեան անհրաժեշտութիւնը, մեր նախնիներուն օրինակով, եկեղեցւոյ շինութեան ծրագիրը յաջողցնելու համար։

Մոմավառութեան արարողութենէն ետք, հանդիսավարը յայտարարեց, որ հաւատացեալներէն Տիկին Ալիս Աւագեան $20,000 նուիրատուութիւն ըրած է ի խնդիր նոր եկեղեցւոյ կառուցման,արժանանալով ներկաներուն ծափողջոյններուն։

Առաջնորդական փոխանորդը իր շնորհաւորական ու գնահատանքի խօսքին մէջ, յայտնեց թէ ինք ականատես եղած է ծառայողներուն ու անդամներուն ծուխին հանդէպ ունեցած սիրոյն եւ կապուածութեան, մաղթելով, որ իրենց ծառայութիւնը շարունակեն նոյն սիրով եւ համերաշխութեամբ, իբր մէկ ընտանիք, յանուն ծխական համայնքի պայծառացման։

Յայտագիրին յաջորդ մասով, Հոգաբարձութիւնը մեծարանքի արժանացուց երեք անձնաւորութիւններ, ծխական համայնքի հիմնադրութեան եւ ծաղկումին մէջ իրենց ունեցած նշանակալից ծառայութեանց համար. առաջին հոգեւոր հովիւը՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանին, Հոգաբարձութեան առաջին ատենապետ՝ Տիար Խաչիկ Թիթիզեանին եւ ծուխի երկարամեայ ծառայողներէն՝ Տիար Անդրանիկ Աբրահամեանին, որոնք Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ ստացան գնահատանքի յուշատախտակներ։

«Երանի՜ եկեղեցի շինողաց։ Այսօր, բոլորդ երանելի էք, որովհետեւ անցնող տասը տարիներուն դուք իբր Աստուծոյ անօթները ձեր ներդրումը ունեցաք այս ծուխին յառաջխաղացքին մէջ», սկսաւ Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը։ Ան շեշտեց, որ այս տօնախմբումը հրաւէր եւ առիթ է բոլորին, որպէսզի նոր խանդավառութեամբ ու յանձնառութեամբ շարունակեն ծառայել եկեղեցւոյ։ Ան օրհնեց եւ գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ նեցուկ կանգնած են ծխական համայնքի հիմնադրման եւ զարգացման մէջ, ինչպէս՝ Առաջնորդական փոխանորդը, որ երկու տարի է կը կատարէ Ս. Գրային սերտողութիւնը, ծուխի հիմնադիր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանը, որ հինգ տարի ծառայած էր իբր երկրորդ հոգեւոր հովիւ, ներկայի հոգեւոր հովիւը, անցեալի ու ներկայի Ազգ. Վարչութեան ու Հոգաբարձութեան ատենապետները, եկեղեցւոյ սպասարկողները, Տիկնանց Միութեան անդամներն ու քոյր միութիւնները, զիրենք քաջալերելով, որ շարունակեն սկսուած գործը յանուն եկեղեցւոյ ու համայնքին հոգեւոր տան կառուցման։ Ան նաեւ օրհնեց յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ծառայողներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը ապա գնահատեց բոլոր բարերարները, յատկապէս Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը, որ վերջին ամիսներուն նուիրատուին 60-ամեակին առթիւ հաւաքուած գումարը, $50.000, նուիրեցին եկեղեցւոյ շինութեան, ինչպէս նաեւ Ալիս Աւագեանը իր նորագոյն նուիրատուութեան համար։

«Այսօր, մենք մեր դիմաց ունինք նոր պատեհութիւններ ու հորիզոններ, նոր յոյսեր ու երազներ. շարունակենք վերանորոգ հաւատքով միասնաբար աշխատիլ Աստուծոյ փառքին համար, խօսքը գործի վերածենք եւ Աստուծոյ պարգեւած շնորհքները ի գործ դնենք յաջորդ հանգրուանին՝ եկեղեցւոյ շինութեան գործին համար», եզրափակեց Սրբազանը։

Յայտագիրը ունէր նաեւ գեղարուեստական բաժին, կազմուած երգով, պարով եւ ասմունքով։ Յայտագիրին պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ կարկանդակի հատումով, որմէ ետք երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022