Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ 6րդ Տարեդարձին Առթիւ


Կիրակի, 4 Յունուար 2015-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան օրհնաբեր այցելութիւն մը տուաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, անոր կազմութեան 6րդ տարեդարձին առիթով, եւ տարուան առաջին Ս. Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. խորանին սպասարկեցին ծխական շրջանիս հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ սարկաւագները։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներ Տիար Անդօ Գասպարեանն ու Տիկին Թերէզ Քէմանճեան։

Ս. Պատարագի սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց օրհնութիւնը եկեղեցւոյ նոր սկիհին եւ մաղզմային, նուէր տրուած՝ Տիար Պաղտիկ Էքմէքճեանի կողմէ, ի յիշատակ իր ծնողաց:

“Հայր Մեր”էն առաջ, ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը ուղղելով, պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, շնորհաւորեց համայնքի զաւակները, փառք տալով ամենակալ Աստուծոյ, որ նոր տարուան առաջին Կիրակին, առաջին Ս. Պատարագը կը մատուցէ ծխական այս համայնքի հաւատացեալներուն ներկայութեան: Ան բարի երթ մաղթեց եկեղեցւոյ ծառայողներուն եւ անոնց ապագայի ծրագիրներուն:

Անդրադառնալով Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդին, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. “Աստուած, որ ամէն բարիքներու պարգեւիչն է, մեզի համար ամէնէն մեծ պարգեւը կու տայ իր Որդւոյն եւ մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդով, որպէսզի բոլորս անկէ օրինակ առնենք մեր կեանքին համար: Այդ օրինակը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Աստուծոյ սէրը աշխարհի վրայ եւ մարդոց միջեւ. եւ իբրեւ Աստուծոյ զաւակներու՝ հաւատարիմ ու հնազանդ ըլլալու հրաւէրը Իր պատուիրաններուն. առաւել Հայր եւ Որդի յարաբերութեան մէջ խոնարհութեան, հեզութեան, ազնուութեան եւ ծառայութեան ոգիով առաջնորդուիլ: Այս մեծագոյն պարգեւը, սիրելիներ, վաղը երեկոյեան, Ճրագալոյցի պատարագով եւ յաջորդ օրը՝ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան պատարագով, անգամ մը եւս պիտի վայելենք, որպէսզի մանուկ Յիսուսի, ծնեալ Փրկչին համեստ պայմաններու մէջ ծնունդը նաեւ մեզի ուղղութիւն ըլլայ համեստութեան, պարզութեան, խոնարհութեան եւ ազնուութեան: Այն հնազանդութիւնը, որ Ինք ապրեցաւ Իր երկրաւոր առաքելութեան տեւողութեան, Իր Հօրը կամքը կատարելով աշխարհի վրայ, օրինակ ըլլայ մեզի, որպէսզի այդ ձեւով նաեւ մենք առաջնորդուինք”:

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ մատաղի եւ սկիհի նուիրատուներուն ննջեցեալ հարազատներուն համար:

Ապա կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւնը: Արարողութիւնը վերջ գտաւ “Կիլիկիա” մաղթերգով ու Առաջնորդ Սրբազանին “Պահպանիչ”ով։

Ս. Պատարագէն ետք, հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց Միութիւնը կազմակերպած էին տօնական օրուան յատուկ ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք, Կիրակնօրեայի աշակերտները տոհմիկ տարազներով ներկայացուցին Քրիստոսի ծնունդը, շարականներու երգեցողութեամբ ու սաղմոսներու ընթերցանութեամբ:

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց աշակերտներուն ներկայացումը, օրհնեց զանոնք ու ծնողները, եւ տօնական օրերու առթիւ իր բարեմաղթութիւնները փոխացեց ներկաներուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022