Նորթ Հոլիվուտի Ծխական Համայնքի Հիմնադրութեան 7րդ Տարեդարձ եւ Եպիսկոպոսական Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ


Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 7րդ տարեդարձին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 10 Յունուար 2016ին, Ս. Պատարագ մատուցեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յաւարտ Ս. Պատարագի՝ կատարեց մատաղօրհնէք

Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ սարկաւագները: Ներկայ էին ստուար թիւով հաւատացեալներ եւ ծխական համայնքի ներկայացուցիչներ:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Ծննդեան խորհուրդը մեկնաբանելով եւ դրուագը որպէս գագաթնակէտը նկատելով Աստուածայայտնութեան, անդրադարձաւ նախածննդեան դէպքերուն եւ Ս. Մարիամ Աստուածածինի խոնարհութեան, երկիւղածութեան եւ անոր երգած օրհնաբանութեան: Քրիստոս լոյսի անմար ճրագին մասին խօսելով, Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն, ըսելով, որ մարդուն հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն իբրեւ գերագոյն արտայայտութիւն աշխարհ եկած Քրիստոսի լոյսը պէտք է շողայ մեր էութեան մէջ: Ան վեր առաւ Աստուածամօր նկարագրային գիծերը, ընդգծելով, որ ան հնազանդ եւ խոնարհ էր, ընտրուած էր Աստուածամայր դառնալու, եւ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ամբողջ տեւողութեան՝ հոգատար եւ նուիրեալ մայր եղաւ Յիսուսի: Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց հայ մայրերն ու կիները, որպէսզի հետեւին Աստուածամօր օրինակին, նաեւ անսան Աստուծոյ պատուիրաններուն, որ իբրեւ սիրող ու հոգածու հայր իր գերագոյնը՝ Միածին Որդին նուիրաբերած է մարդուն, խոստանալով յաւիտենական կեանք:

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ հաւատացեալներու ուշադրութեան յանձնեց նահատակներու մասունքները պարունակող ճաճանչաւոր խաչը, որ տրամադրուած է այս եկեղեցւոյ. ծանօթ է, որ ճաճանչաւոր խաչերու օրհնութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած էր ամիս մը առաջ, Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ, իսկ Ս. Ծննդեան տօնի օրը, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընթրիքի երեկոյին, յանձնուած էր մեր եկեղեցիներու հովիւներուն, որպէսզի անոնք զետեղուին խորաններուն վրայ եւ այսուհետեւ մշտական ներկայութիւն ըլլան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ մատաղի նուիրատուներու ննջեցեալներուն հոգիներուն համար, ապա, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը: Արարողութիւնը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին Պահպանիչով եւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով: Հաւատացեալները ստացան մատաղի իրենց բաժինը եւ խաչը համբուրելէ ետք, տուն վերադարձան օրուան խորհուրդով լիցքաւորուած:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022