Պաշտօնական Բացում Շամլեան Ազգ. Վարժարանի “Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան” Մարզասրահին

 

Կիրակի, Մայիս 18, 2014-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց “Վահան եւ Անոյշ Շամլեան” Ազգային վարժարանի “Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան” մարզասրահի բացման արարողութեան եւ օրհնութեան։

Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանք յայտնեց Վարժարանի տնօրէն Տիար Վազգէն Մատէնլեանին ու կամաւոր նուիրեալներու միասնական աշխատանքին, որուն արդիւնքը եղաւ մարզասրահի շինութեան տեսիլքին իրականացումը։

Առաջնորդ Սրբազանը մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան ամոլին եւ ընտանիքին, վեր առնելով անոնց բարեգործութիւնն ու պատրաստակամութեան ոգին։ Յատուկ կերպով գնահատեց նաեւ Տիկին Ճեսիքա Վարդուկեանը, որ իր ամուսնոյն՝ Վահրամի յիշատակին բարերարութիւն կատարած էր եւ հովանաւորած մարզասրահի  նախամուտի բաժինը։

Առաջնորդ Սրբազանը կարեւորութեամբ շեշտեց հաւաքական եւ յարատեւ աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը, որոնց շնորհիւ անկարելի թուացող ծրագիրներ կը պտղաւորուին եւ կ’արդիւնաւորուին։

Խօսքը ուղղելով դպրոցի պատասխանատուներուն, նուիրատուներուն եւ ծնողներուն, Սրբազան Հայրը յիշեցուց  Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի խօսքը թէ “Ուր որ Ձեր գանձն է, Ձեր սիրտը  հոն թող ըլլայ”, աւելցնելով, որ “Ձեր գանձը Ձեր զաւակներն ու մեր աշակերտներն են, հետեւաբար Ձեր եւ մեր սիրտը անոնց հետ է եւ ճիշդ այդ պատճառով, այս մարզասրահը մեր աշակերտներուն սիրոյն դուք կառուցեցիք”, եզրակացուց Առաջնորդ Սրբազանը։

Ապա կատարուեցաւ աղ ու հացի օրհնութիւն ու մարզասրահի բացման արարողութիւնը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022