Ուսումնական 2016-2017 տարեշրջանի բացման առիթով, Ազգային Վարժարաններ այցելութիւններու ծիրին մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 19 Օգոստոս 2016ի առաւօտուն այցելեց Փասատինայի Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրը, որուն պաշտօնական վերամուտն էր, ապա մտերմիկ պահ մը բոլորեց աշակերտներուն ու դաստիարակներուն հետ: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան: Ներկայ էին Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, անդամներէն Տիար Սարգիս Ուրֆալեան, վարժարանին Ուսումնական Մարմնի, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, տիկնանց միութեան եւ շրջանի հայկական միաւորներու ներկայացուցիչները:
Առաջնորդ Սրբազանն ու հիւրերը դիմաւորուեցան մանկամսուրին նոր վարիչուհիին՝ Տիկին Կարինէ Չուխատարեանի, Ուսումնական Մարմնի ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներուն, անձնակազմի անդամներու եւ ծնողներու կողմէ: Աշակերտները երգեցին Տէրունական Աղօթքը, ապա, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց տնօրհնէքի արարողութիւն, օրհնելով ուսումնական այս հաստատութիւնն ու անոր յարկը վայելողները: Ողջոյնի խօսք արտասանեց վարիչուհին, որ ներկայացուց ինքզինք եւ յաջող տարեշրջանի մը յոյսն ու մաղթանքները արտայայտեց:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով ողջունեց նոր վարիչուհին ու անոր գործակից դաստիարակներն ու անձնակազմի անդամները, կանգ առաւ հայկական վարժարանի բազմերես դերակատարութեան վրայ, ու յիշեցնելով, որ 2016ը հռչակուած է Ծառայութեան Տարի՝ շեշտեց, որ հայ դպրոցը, ինքնին, մարմնաւորումն է ծառայութիւն հասկացութեան եւ կոչուած է քրիստոնէական հաւատքի ու մեր ազգային հարստութիւններով սնուցանել նոր սերունդները:
Հաւաքական պահէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանն ու ընկերակիցները այցելեցին դասարանները եւ հաճելի պահ մը ունեցան աշակերտներուն հետ, հաղորդակից դառնալով մանկական աշխարհի մթնոլորտին:
Աւարտին, տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը պատշաճ ընդունելութեամբ մը պատուեցին Առաջնորդ Սրբազանն ու յարգելի հիւրերը: