Բացում՝ «Հայաստան. Բաց Վէրք Մը» Ցուցահանդէսին


Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2016ին, Կլենտէյլի Պրէնտ Գրադարանին եւ Արուեստի Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը «Հայաստան. Բաց Վէրք մը» խորագրեալ ցուցահանդէսին, ներկայութեամբ հոգեւոր առաջնորդներու եւ հայրերու, եւ քաղաքապետութեան ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներու։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մասնակցեցաւ բացման հանդիսութեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան, Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Տոքթ. Նաւասարդ Քազազեան։

Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց գործակցութեան արդիւնքն է այս նախաձեռնութիւնը. ան մասնաւորաբար դրուատեց Կլենտէյլի քաղաքապետութեան պաշտօնատարները, Պրէնտ գրադարանի պատասխանատուները, Մեքսիքայի մայրաքաղաքի «Յիշողութիւն եւ Հանդուրժողութիւն Թանգարան»ի պատասխանատուներէն Դոկտ. Քարլոս Անթառամեանն ու Սոնիա Առաքելեանը եւ Կլենտէյլի Հայ-Ամերիկեան թանգարանին գործադիր մարմնի անդամները, գլխաւորութեամբ Տիար Պերճ Կարապետեանի, որոնց գործակցութեան շնորհիւ իրականացած է այս ցուցահանդէսը: «Թէեւ հարիւր մէկ տարի անցած է Հայոց Ցեղասպանութենէն, սակայն կը յիշենք ու պիտի շարունակենք յիշեցնել պատմական ոճիրը, որովհետեւ ժառանգորդներն ենք այն պատմութեան, որ կերտած է մեզ: Կ’ողջունենք ու կը գնահատենք ճիգերը բոլոր անոնց, որոնք իրականացուցին այս նախաձեռնութիւնը եւ հայ ու ոչ հայ հանրութեան մատուցեցին ցուցադրուող իրերը», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որ ապա Կլենտէյլի քաղաքապետ Փոլա Տիվայնի, Սոնիա Առաքելեան եւ Հայ-Ամերիկեան թանգարանի ներկայացուցիչներուն հետ կատարեց ժապաւէնի հատումը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022