Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը, միութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքին, անցեալ շաբաթ ունեցաւ «Բարձրացի՛ր» նշանախօսքով ցուցահանդէս մը։
Ցուցահանդէսին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանին մէջ։ Ցուցահանդէսը կը նպատակադրէ միութեան անցեալի, ներկայի գործունէութիւնն ու ապագայի հեռանկարները ներկայացնել, որոնք իբրեւ ներդրում կը մատուցուին մեր գաղութին։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ արարողութեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հետ կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Արա Շապանեան։ Պաշտօնական հիւրերուն շարքին էին Քալիֆորնիոյ նահանգի ու Կլենտէյլ քաղաքի պաշտօնատարներ ու ներկայացուցիչներ։
Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեայ ծառայութիւնները՝ ոչ միայն մեր գաղութին, այլ համայն հայութեան կեանքին մէջ։ Ան շեշտեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հովանիին տակ, հայ մանուկը, պատանին ու երիտասարդը ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս կը դաստիարակուին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նշանաբանով, իսկ 100-ամեակին առիթով որդեգրուած նշանաբանը՝ «Պատուաւոր անցեալէն դէպի յաղթական ապագայ», ինքնին նոր ուղեցոյց է միութեան դիմաց կանգնող գործին։ Այս դաստիարակութեան ճամբով է որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը պիտի պատրաստէ գործունեայ եւ ազնիւ նկարագիրով սերունդներ, զանոնք յանձնառու դարձնելով եկեղեցական ու մշակութային աւանդներու տիրութեան ու պահպանումին։ Այս գիտակցութեամբ ալ, կրնանք ըսել, որ յառաջ կ’ընթանանք դէպի յաղթական ապագայ մը, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Շրջանային Վարչութեան անունով խօսք առաւ փոխ ատենապետ Տիար Սագօ Կարապետեան։ Գլխաւոր բանախօսն էր Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ-ական« Տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան։
Պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
Ցուցահանդէսը հանրութեան համար բաց է մինչեւ Կիրակի, 30 Սեպտեմբեր։