Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի «Գաբրիէլ եւ Ռոզ Ինճէճիկեան» Մարզական Դաշտի Բացման Արարողութիւն

Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2019-ին, Էնսինոյի Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի «Գաբրիէլ եւ Ռոզ Ինճէճիկեան» մարզական դաշտի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Սօսի Շանլեան, Մարի Գապայեան նախակրթարանի տնօրէն Տիար Ժան Գոսաքեան, Ուսումնական Մարմինի անդամներ, «Ռոստոմ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեանց ներկայացուցիչներ, շրջանաւարտներ, Ռոզ Ինճէճիկեան եւ հարազատներ։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Րաֆֆի Գույումճեան։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ նուիրատուներու յուշապատի քողազերծումով եւ օրհնութեամբ։ Բացման աղօթքը կատարեց Տ. Ռազմիկ Քահանան։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց տնօրէնուհին, ապա խօսք առին ճարտարապետը՝ Վարժարանի շրջանաւարտ Տիար Գառնիկ Տէօքմէճեան, ինչպէս նաեւ Ուսումնական Մարմինի ատենապետ Տոքթ. Կարօ Չաքեան եւ մարզական պատասխանատու Տիար Արշակ Մարգարեան։

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը։ Ան փառք տուաւ Աստուծոյ Իր ուղղորդումին եւ առաջնորդութեան, այս շինարարական աշխատանքին յաջողութեամբ պսակումին համար, ապա գնահատեց աշխատանքն ու համատեղ ջանքերը վարժարանի տնօրէններուն, վարչական կազմերուն, Ուսումնական Մարմինի անդամներուն, «Արմէն»ներուն ու շրջանաւարտից միութեանց եւ բոլոր մասնակիցներուն, նշելով որ «Ամիսներ առաջ, մեր գաղութը սգաց մեծ տեսլապաշտ ու ռահվիրա Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի կորուստը, որ իր կեանքէն աւելի քան եօթը տասնամեակ նուիրեց հայ նորահաս սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին։ Ան իր անջնջելի դրոշմը դրաւ իր աշակերտներուն եւ պաշտօնակիցներուն հոգիներուն ու սրտերուն մէջ եւ այսօր, այս համալիրին ընդմէջէն իր յիշատակը կ՛անմահանայ։ Ան որքա՜ն հպարտ պիտի ըլլար, որ իր սիրած վարժարանին ներկայի թէ ապագայի աշակերտութեան համար էր այս վիթխարի մարզական համալիրը, ու տակաւին որքա‏ն զգացուած ու պատուուած պիտի զգար, այս կառոյցը իր յիշատակին ձօնուած ըլլալուն։ Անկասկած, որ իր հոգին ներկայ է մեր մէջ այսօր եւ մասնակից՝ այս մեծ բերկրանքին», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Ապա, տեղի ունեցաւ ժապաւէնի հատումը։

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022