Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ դպիրներու ձեռնադրութիւն եւ եկեղեցւոյ գաւիթի երկու նոր սրբապատկերներու օծումը։ Աւարտին, հիւրասիրութիւն տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ «Անտոն Անտոնեան» սրահին մէջ։
Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։