Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը Կիրակի, 19 Յունիս 2016ին ապրեցաւ յիշատակելի օր մը, իբրեւ պատարագիչ հիւրընկալելով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը, որ յընթացս Ս. Պատարագի՝ կատարեց դպիրներու ձեռնադրութիւն եւ ուրարի տուչութիւն, նաեւ ուղղեց իր պատգամը: Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, շաբաթավերջը նաեւ կը նշէր Առաջնորդ Սրբազանին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան եւ օծման 40րդ տարեդարձը, որուն համար, եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը վերապահած էին գեղեցիկ անակնկալ մը: Տակաւին, այս տարեդարձը կը զուգադիպէր Հայրերու Օրուան:
Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան: Հաւատացեալներու կողքին, ներկայ էին ազգային երեսփոխաններ, ժողովականութեան անդամներ եւ բարերարներ:
Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը դպրութեան աստիճան շնորհեց եկեղեցւոյ սպասարկուներ Զարեհ Կելոյեանի, Մայքըլ Տուայըրի, Աւօ Մովսէսեանի, Նարեկ Տիշոյեանի, Ժիրայր Ճենանեանի եւ Քրիստոֆըր Ռահէպի: Զարեհ Կելոյեան արժանացաւ նաեւ ուրար կրելու իրաւունքին:
Ձեռնադրութենէն առաջ, Տէր Հայրը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ հայրերու տօնին առիթով կը գտնուի ծխական համայնքի զաւակներուն հետ: Ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ քառամեակի մը համար վերընտրութեան առիթով, բարի երթ մաղթեց իր առաքելութեան մէջ, ապա, նշեց, որ ուշագրաւ է որ այս շաբաթավերջը կը զուգադիպի նաեւ Առաջնորդ Սրբազանին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան եւ օծման 40րդ տարեդարձին, որուն համար եւս շնորհաւորեց Պատարագիչ Սրբազանը:
Այնուհետեւ, սկիզբ առաւ ձեռնադրութեան արարողութիւնը: Տէր Հայրը ներկայացուց եկեղեցւոյ վեց նուիրեալ ծառայողները, որոնք պիտի ստանային Դպրութեան չորս աստիճանները՝ Դռնապանութիւն, Ընթերցողութիւն, Երդմնեցուցչութիւն եւ Ջահընկալութիւն։ Ապա նուիրեալները Սաղմոս 121-ի ընթերցանութեամբ առաջնորդուեցան դէպի Սուրբ Խորան։ Խորանին վրայ Առաջնորդ Սրբազանին դիմաց ծնրադիր, վեց նուիրեալները ստացան դպրութեան չորս աստիճանները, իսկ Զարեհ Կելոյեան՝ ուրար կրելու իրաւունք, մինչ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած խնդրելով մաքրել դպիրներուն հոգիները, Ս. Հոգիով հարստաց-նելու զանոնք, անոնց աչքերը բանալու հոգեւոր իմաստութեան դիմաց, եւ Իր շնորհները զեղելու նուիրեալներուն վրայ՝ երբ անոնք մուտք կը գործեն Աստուծոյ ծառայութեան դաշտէն ներս։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորանքի ու բարի մաղթանքներու արտայայտութեանց համար, փառք տուաւ Աստուծոյ, որ 40 տարիներ առաջ, ինք եւս իբրեւ կուսակրօն քահանայ, կոչուեցաւ ծառայելու Աստուծոյ՝ Հայ Եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ուխտեալ միաբանութեան ճամբով, աւելցնելով որ ուրախ է որ 40-ամեակի Ս. Պատարագը Օրէնճ Քուանթիի ծխական համայնքին մէջ կը մատուցանէ, ուր իբրեւ հոգեւոր տեսուչ ծառայած է 3 տասնամեակներ առաջ։
Ապա շնորհաւորեց նոր ձեռնադրուած ուրարակիրն ու դպիրները, անոնց ծնողներն ու հարազատները, վեր առնելով դպրութեան աստիճանին կարեւորութիւնը, որպէս սկիզբ Աստուծոյ Ս. Խորանին սպասարկութեան։ Ան յորդորեց ձեռնադրեալները մնալու հաւատարիմ հայ եկեղեցւոյ եւ անսակարկ կերպով ծառայելու ու լաւ օրինակ հանդիսանալու իրենց շրջապատին։
Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց հայրերն ու մեծ հայրերը, նշելով, որ բոլորիս համար հպարտութեան առիթ է տեսնել մեր նոր սերունդը նուիրուած Աստուծոյ ծառայութեան, աւելցնելով նաեւ որ հօր մը պարտաւորութիւնը միայն ընտանիքին ապրուստը ապահովել չէ, այլ միաժամանակ ըլլալ ուսուցիչ ու բարի դաստիարակ, եւ հետագայ սերուդներուն ջամբել մեր պապերու աւանդութիւններն ու հաւատքը, որպէսզի սերունդէ սերունդ վառ մնան դարաւոր մեր մշակոյթն ու ազգային պատկանելիութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ օրուան Աւետարանի ընթերցումին՝ Մատթէոսի Աւետարանի 13րդ գլուխի 24-30 համարներուն վրայ, ուր Յիսուս կը պատմէ որոմի առակը: Առակը կը խորհրդանշէ երկու խումբի մարդիկ՝ բարին եւ չարը, որոնք միասնաբար կը գոյատեւեն այս աշխարհի վրայ, սակայն երբ գայ դատաստանը, երկնքի արքայութեան մէջ անոնք պիտի բաժնուին։ Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց թէ «մենք այս կամ այն խումբին մէջ չենք ծնիր, որովհետեւ ազատ կամքով ստեղծած է մեզ, որպէսզի ընտրենք մեր ուղին։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս արդարութիւն պիտի հաստատէ եւ իր հետեւորդները իր մէջ պիտի բնակին», ըսաւ առաջնորդ Սրբազանը, հրաւիրելով ներկայ հաւատացեալները, որ ստանան փառաւոր խոստումը, իրենց սրտերուն մէջ ցանելով եւ աճեցնելով մեր Տիրոջ բարի սերմերը եւ չշեղիլ աշխարհի որոմներէն։
Ս. Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ ուղղուեցան «Յարութ Պարսամեան» Հայ Կեդրոնի «Ղազարեան» սրահը, ուր եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը կազմակերպած էր «Հայրերու Օրուան» սռթիւ ճաշի հիւրասիրութիւն յատուկ յայտագիրով։
Հոգեւոր Հովիւի բացման խօսքէն ու Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուղղուած շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութեան արտայայտութիւններէն ետք, սրտի խօսք արտասանեցին եկեղեցւոյ երեսփոխաններէն Տեարք Կարօ Յակոբեան եւ Հրայր Ճերմակեան: Առաջնորդ Սրբազան Հօր վերընտրութեան ու քահանայագործութեան 40րդ տարեդարձին առիթներով եղած անոնց շնորհաւորական խօսքերուն ու սրտաբուխ մաղթանքներուն միացաւ նաեւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան բազմամեայ ատենապետներէն՝ երեսփոխան ու բարերար Տիար Սարգիս Եկէնեան, որ այս առիթով նուիրատուութիւններ կատարեց եկեղեցւոյ ու Ազգ. Առաջնորդարանին:
Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի եւ Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը։
Հիւրընկալութեան կազմակերպիչները անակնկալներ վերապահած էին Առաջնորդ Սրբազանին. եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան կողմէ Սրբազան Հօր յանձնուեցաւ խաչքար յուշանուէր մը, ապա, մեծարեալ Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրուեցաւ կատարելու տարեդարձի կարկանդակին հատումը:
Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց շնորհակալութեան եւ յորդորական խօսք մը: Ան վերյիշեց այն օրերու բարի յիշատակները, երբ 30 տարի առաջ կը ծառայէր այս եկեղեցւոյ յարկին տակ, նշելով, որ սերտ ու արդիւնաւոր գործակցութիւն ստեղծուած էր համայնքի զաւակներուն հետ, ու մաղթեց, որ գործակցութեան ու հարազատութեան նոյն մթնոլորտը պահպանուի եւ աւելի՛ եւս զարգանայ ծխական այս համայնքին մէջ:
Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»էն ետք, ձեռնարկը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով: