Սարկաւագաց Ձեռնադրութիւն Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին սարկաւագաց ձեռնադրութիւն կատարեց, սարկաւագութեան կարգ շնորհելով եկեղեցւոյ երկար տարիներու սպասարկողներ՝ Յարութիւն Օհաննէսեանին, Մելվին Արզումանեանին, Գօգօ Գազանճեանին եւ Վահիկ Եղիայեանին։

Ս. Պատարագը մատուցանեց Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննաքեան, իսկ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան եւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։

Ձեռնադրութիւնը սկիզբ առաւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ ու Սաղմոս 15-ի փոխասացութեամբ, երբ նուիրեալները խարտաւիլակ քահանայ հայրերու առաջնորդութեամբ Ս. Խորան բարձրացան ու ծնրադիր մօտեցան ձեռնադրիչ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ան իր աջը նուիրեալներուն վրայ դնելով, խնդրեց, որ «Աստուծոյ աներեւոյթ Աջը օրհնէ զիրենք, որպէսզի արժանի ըլլան սուրբ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան կոչումին»։ Ապա «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» շարականի երգեցողութեամբ, ձեռնադրեալները դէպի արեւմուտք դարձան, հրաժարելով աշխարհիկ մտածումներէ ու գործերէ եւ ներկայ ժողովուրդի վկայութեամբ խոստացան նուիրուիլ հոգեւոր կոչման ու եկեղեցւոյ ծառայութեան,

«Ողջոյն»էն առաջ, ձեռնադրութեան արարողութիւնը շարունակուեցաւ եւ նուիրեալները իրաւունք ստացան պատարագիչ եկեղեցականը զգեստաւորելու, Ս. Սկիհը վերաբերելու, խորհրդատետրէն կարդալու, Աւետարան ընթերցելու եւ բուրվառ կատարելու։

Ձեռնադրութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամով՝ փառք ու գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ այս օրուան առթիւ, ապա շնորհաւորեց նոր ձեռնադրեալ սարկաւագները՝ անոնց մաղթելով բեղուն ծառայութիւն։

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ ձեռնադրութեան ընթացքին ընթերցուած Պօղոս առաքեալի խօսքին, որ կ՛ըսէ. «Ինքզինքդ աստուածպաշտութեամբ ապրելու մարզէ. որովհետեւ եթէ մարմինի մարզանքները որոշ բաներու օգտակար են, աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, քանի կը խոտանայ կեանք տալ թէ՛ այս աշխարհի եւ թէ՛ հանդերձեալին մէջ» (Ա.Տմ. 4.7-8)։ Ան զուգահեռներ գծեց ֆիզիքական եւ հոգեւոր առողջութեան միջեւ, նշելով, որ մարդիկ ո՛չ մէկ բան կը խնայեն առողջ մնալու համար, նոյնպէս ալ եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր զաւակ պէտք է իր հոգիի առողջութեան կարեւորութիւն ընծայէ, եւ աստուածպաշտութեամբ լեցուն կեանք մը ապրի։ «Ինչպէ՞ս կրնանք աստուածպաշտութեամբ կեանք մը ապրիլ, եթէ ոչ՝ սիրով։ Գերագոյն սէրը կը գտնենք Քրիստոսի մէջ, որովհետեւ Ան անշահախնդիր սիրեց ու ծառայեց։ Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրի սրտին մէջ սիրոյ հունտեր ցանած է։ Այդ սէրը անյաղթահարելի զգացում մըն է, որ նեղութեանց եւ դժուարութեանց չի՛ հակադարձեր, այլ բարիին հետամուտ կ՛ըլլայ, բարին կը ցանկայ բոլոր ատելութիւն սերմանողներուն, որպէսզի անոնք ալ աստուածպաշտութեամբ եւ սիրով լեցուն կեանք մը ապրին», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Ապա խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալ սարկաւագներուն, յորդորեց, որ անոնք երկիւղածութեամբ, սիրով, նուիրումով, կարգապահութեամբ, հնազանդութեամբ եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ ծառայեն եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս, մշտապէս անսան Աստուծոյ խօսքին, ընթանան Քրիստոսի հարթած ուղիէն, յարատեւեն իրենց սրբանուէր կեանքին մէջ եւ իրենց տիպար կենցաղով ու հաւատքով օրինակ հանդիսանան հաւատացեալ ժողովուրդին։

Քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց ու գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, դպրաց դասը, հոգաբարձութիւնը եւ տիկնանց միութիւնը, անոնց մաղթելով աստուածանուէր բարի ծառայութիւն։

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Թեմիս Ս. Գրային սերտողութեան խմբակներու կազմակերպած Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին նուիրուած ճաշկերոյթին։ Ներկայ էին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն ու Հոգաբարձութեան անդամներ։

Իր բացման խօսքին մէջ, եղբայր Գրիգոր Մսըրլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ առաջին իսկ օրէն ո՛չ միայն քաջալերած է Ս. Գրային սերտողութեան խմբակները, այլեւ նեցուկ կանգնած է եւ հովանաւորած է զանոնք։

Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց եղբայր Գրիգորի երեսունամեայ գործունէութիւնը, նուիրուածութիւնը եւ ծառայութիւնը։ Ապա խօսելով Աստուածաշունչի մասին, շեշտեց՝ ըսելով. «Աստուածաշունչը անսպառ աղբիւր է. ո՛րքան ընթերցենք զայն, աւելի կը հարստանանք։ Առ այդ, Աստուծոյ խօսքով զինուինք, Աստուածաշունչը դարձնենք մեր կեանքի հենքը, ապրինք եւ ապրեցնենք զայն մեր կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանին»։

Յանուն Ս. Գրային սերտողութեան խմբակներուն, եղբայր Գրիգոր յուշատախտակ մը յանձնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք երկար տարիներ իրենց ծառայութիւնը բերած են այս առաքելութեան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022