Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին սարկաւագաց ձեռնադրութիւն պիտի կատարէ, սարկաւագութեան կարգ շնորհելով եկեղեցւոյ 4 նուիրեալ ծառայողներու։
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին նուիրուած ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ կազմակերպութեամբ Թեմիս Ս. Գրային սերտողութեան խմբակներու։