Կիրակի, 30 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքը պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց Թագուհի Մարտիրոսաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 65-րդ տարեդարձը, որ նաեւ առիթ մը եղաւ պատուելու Հոգշ. Տ. Արմենակ Վրդ. Պետրոսեանը՝ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 20-րդ տարեդարձին առիթով։
Տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի »Փալատիօ« ճաշասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Կաթողիկէ համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Գերպ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին ողջոյններն ու շնորհաւորանքը։
Ողջոյնի իր խօսքին մէջ, Գերպ. Մուրատեան ողջունեց Տ. Ղեւոնդ Քահանայի ներկայութիւնը՝ իբրեւ ներկայացուցիչը Առաջնորդ Սրբազանին, խօսեցաւ Թագուհի Մարտիրոսաց եկեղեցւոյ ծառայական պատմութեան մասին եւ յայտարարեց, թէ մեծարեալ Հայր Սուրբը կ’արժանանայ լանջախաչ կրելու պատիւին։
Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին, որ արտայայտուեցաւ երաժշտութեամբ։